Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութիւնը Կարեւոր Կը Նկատէ Հայ Պատերազմական Գերիներու Եւ Այլ Պահուող Անձերու Խնդիրներու Լուծումը

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 19-րդ վեհաժողովի ընթացքին որդեգրուած է «Ֆրանսախօս շրջանին մէջ ճգնաժամային կացութիւններու, անոնց յաղթահարման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ բանաձեւը», որով կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ 54 պետութիւններ զօրակցութիւն յայտնած են Հայաստանին եւ խաղաղութեան հոլովոյթին:

Բանաձեւին մէջ ընդգծուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համահունչ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը:

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ պետութիւնները ողջունած են 19 ապրիլ 2024 թուականի արձանագրութեան մէջ վերահաստատուած սկզբունքներուն հիման վրայ սահմանազատման հոլովոյթին մէջ եւ միջպետական սահմանագիծի վերականգնման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ խրախուսած են շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացումը` գերիշխանութեան, ազգային իրաւազօրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու յարգանքի հիման վրայ: Ընդգծուած է ուժի կիրարկման անընդունելիութիւնը եւ կոչ ուղղուած ձեռնպահ մնալու ռազմատենչ հռետորաբանութենէն եւ ատելութեան խօսքէն, որ կրնայ խոչընդոտել խաղաղութեան հոլովոյթը:

Բանաձեւը շեշտած է նաեւ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ սահմանամերձ տարածքներու մէջ կայունութեան գործին մէջ վերջինիս ներդրումը:

Բանաձեւին մէջ կարեւոր նկատուած է Արցախէն 115 հազար բռնի տեղահանուած գաղթականներուն շարունակական մարդասիրական աջակցութեան ապահովումը, պատերազմական գերիներու եւ այլ պահուող անձերու, ինչպէս նաեւ անյայտ կորսուածներու խնդիրներու լուծումը:

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը վերահաստատած է Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման առնչութեամբ մտահոգութիւնը եւ Արցախ ու յարակից տարածքներ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաքելութեան իրականացման հարցին մէջ անդամ երկիրներու աջակցութիւնը:

 

Comments are closed.