Օրպանի Ցեղային Զտման Նկատմամբ «Բացարձակ Յարգանք»-ն ու Մաղթանքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան 6 յուլիսին այցելեց բռնագրաւուած Շուշի, ուր,  այսպէս կոչուած, Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան նախագահ Էրսին Թարարի կողքին, մասնակցեցաւ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովին` այդպիսով օրինականացնելով հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումը եւ անուղղակի կերպով ճանչնալով այդ ապօրինի ու ինքնակոչ հանրապետութիւնը:

Աւելի՛ն. ան նաեւ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յայտարարեց. «Առաջին հերթին իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ նախագահ Իլհամ Ալիեւին մեզ Շուշայի` այս քաղաքին մէջ ընդունելուն համար, եւ ձեզ այստեղ տեսնելու առիթը ստեղծելուն համար: Մենք բացարձակ յարգանք կը յայտնենք նախագահ Իլհամ Ալիեւին այս շրջանի հազարաւոր մարդոց խաղաղութեան մէջ ապրելու առիթ ընծայելուն համար: Կը յուսանք, որ այսպիսի առիթ մը նաեւ շուտով Եւրոպայի մէջ կ՛ապահովուի»:

Բռնագրաւուած տարածք այցելելու ժխտական երեւոյթէն առաւել խնդրայարոյց ու գայթակղեցնող էր Օրպանի խօսքը: Ժողովրդավարական արժէքներու եւ մարդու իրաւունքներու ջատագով Եւրոպական Միութեան անդամ եղող երկրի մը ղեկավարը «բացարձակ յարգանք» յայտնեց իր երկրին բանտերը քաղաքական բանտարկեալներով լեցուցած բռնատէրի մը:

Աւելի խնդրայարոյցն ու գայթակղեցուցիչը այն է սակայն, որ Հունգարիոյ վարչապետը ոչ միայն «բացարձակ յարգանք» կը յայտնէ տակաւին երէկ այդ նոյն տարածքը ցեղային զտումի ենթարկած անձի մը նկատմամբ, այլ նաեւ մարդկութեան դէմ այդ ոճիրը «խաղաղութեան առիթի ընծայում» կոչելով` կը գովէ իբրեւ ընդունելի ու դրական արարք, եւ մինչեւ իսկ յոյս կը յայտնէ, որ նոյնպիսի «առիթ մը նաեւ շուտով Եւրոպայի մէջ կ՛ապահովուի»:

Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը, անդամ երկիրներն ու խորհրդարանը պէտք է հաշուետուութեան ենթարկեն իրենց միութեան մէջ «Թուրքիոյ Տրովադայի ձին» եղող այդ երկրին վարչապետը` ցեղային զտման արարքին հեղինակին նկատմամբ «բացարձակ յարգանք» յայտնելուն, միջազգային օրէնքով արգիլուած այդ ոճիրը դրական ձեռքբերում ու բարեբեր արարք նկատելուն, այդ քստմնելի յանցագործութիւնը «խաղաղութեան առիթ» որակելուն եւ Եւրոպայի մէջ զայն կրկնօրինակելու կոչ ուղղելուն համար:

 

Comments are closed.