Օնթարիոյի Մարքամ քաղաքին մէջ տեղադրուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Գորնինկի յուշարձանը
Յուլիս 13-ին, Օնթարիոյի Մարքամ քաղաքի «Յուսոյ անտառ» պուրակին մէջ կայացաւ Հայոյց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու փրկարար գանատացի բուժքոյր Սառա Գորնինկի յուշարձանի բացման արարողութիւնը։
Սառա Գորնինկ ծնած է Գանատայի Նովա Սքոշիա նահանգի Եարմութ քաղաքին մէջ։ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Ամերիկայի Կարմիր Խաչի բուժքոյր եղած է։ 1919-ին Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կոմիտէի (Near East Relief) կողմէ գործուղուած է Փոքր Ասիա՝ օժանդակելու թրքական սպանդներէն փրկուած յոյն, հայ եւ ասորի գաղթականներուն: Գորնինկ փրկած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ որբեր: Իբրեւ բուժքոյր, 1919 թուականին որոշ ժամանակահատուածի մը ընթացքին գործած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եւ օգնութեան ձեռք երկարած հարիւր հազարաւոր հայ գաղթականներու, որոնցմէ շատեր վարակիչ հիւանդութիւններէ կը տառապէին: Գորնինկ մահացած է իր ծննդավայր Եարմութի մէջ, 1969-ին, 97 տարեկանին:
Մարքամի քաղաքապետութեան եւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի նախաձեռնութեամբ Սառա Գորնինկի յուշարձանի բացման արարողութեան հանդիսավարն էր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան ներկայացուցիչ Ալիք Պարսամեան, որուն բացման խօսքէն ետք Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեանի աղօթքով սկիզբ առաւ հանդիսութիւնը։ Յատուկ ուղերձներով ելոյթ ունեցան Մարքամի քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի, Եար մութի քաղաքապետ Փամ Մուտ, Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Հելենա ժազէք, Փոլ Չիանկ եւ Պրատ Րետեքոփ, Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամներ Լոկան Քանափաթի եւ Արիս Պապիկեան, Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նշան Աթիքեան, որոնք դրուատեցին իր կեանքը մարդկութեան նուիրաբերած գանատացի բուժքոյր Սառա Գորնինկի բարեգործական առաքելութիւնը։
Քօղածածկոյթի վերացման արարողութիւնը կատարեցին քաղաքապետներ Ֆրանք Սքարփիթի, Փամ Մուտ, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի նախագահ Վահան Աճեմեան ու Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Նշան Աթիքեան։
Հանդիսութեան գլխաւոր պատգամաբերն էր Sara Corning Centre for Genocide Education հիմնարկի հիմնադիր՝ Րաֆֆի Սարգիսեանը, որ ներկայացուց եւ արժեւորեց Սառա Գորնինկ մարդասէրի կեանքն ու գործունէութիւնը։
Յուշարձանի հեղինակն է գանատահայ քանդակագործ Կարէն Պետրոսեան։ Նշենք, որ 14 Սեմպտեմբեր 2019-ին, Գանատայի Եարմութ քաղաքի պատմութեան թանգարանի շրջափակէն ներս, տեղի ունեցաւ բացումը Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու փրկարար Սառա Գորնինկի արձանին, որուն հեղինակ-քանդակագործն է կերպարուեստագէտ Կարէն Պետրոսեանը, իսկ մեկենասները՝ տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Մարալ Հասերճեանները:
Գորնինկի գործունէութիւնը առաւել եւս հանրածանօթ դարձնելու նպատակաւ 2016-ին ստեղծուեցաւ «Սառա Քորնինկ» կազմակերպութիւնը, ինչպէս նաեւ 2011-ին Թորոնթոյի Ցեղասպանութեանց Ուսմանց կեդրոնը անուանակոչուեցաւ Սառա Գորնինկի անուամբ:
Comments are closed.