Քրիստինէ Վարդանեան. «Երբ ամէն օր կ՚ըսէք, թէ Ատրպէյճանը պիտի յարձակի, դժուար է չհարցնել՝ արդեօք պայմանաւորուածութիւն կա՞յ»

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան Ազգային ժողովի նիստի ընթացքին խիստ քննադատութեան ենթարկած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւնները՝ պատերազմական վտանգներու վերաբերեալ։

Դիմելով ՔՊ-ական պատգամաւորներուն՝ ան յայտնած է, թէ վերջին ութ տարիներու ընթացքին իշխանութեան օրօք տեղի ունեցած պատերազմներու եւ յարձակումներու թիւը նոյնիսկ դժուար է հաշուել։ Ան նաեւ կասկածի տակ դրած է իշխանական շրջանակներու այն պնդումները, թէ իրենք կը տիրապետեն յստակ տեղեկութիւններու՝ հնարաւոր յարձակումներու օրուան եւ ժամանակին վերաբերեալ։

«Երբ ամէն օր կ՚ըսէք, թէ Ատրպէյճանը պիտի յարձակի, դժուար է չհարցնել՝ արդեօք պայմանաւորուածութիւն կա՞յ», ըսած է Վարդանեան՝ նշելով, որ նման յայտարարութիւնները աւելի շատ հարցումներ կը յառաջացնեն, քան պատասխաններ։

Ան նաեւ արձագանգած է իշխանութեան այն պնդումներուն, թէ իրենց բացակայութեան պարագային պատերազմը անխուսափելի է, ընդգծելով, որ իշխանութեան ութ տարիներուն արդէն տեղի ունեցած են բազմաթիւ բախումներ, մինչդեռ նախորդ տասնամեակին նման իրավիճակ չէ արձանագրուած։

Միեւնոյն ժամանակ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մարտ 19-ին զգուշացուցած էր, թէ որոշ քաղաքական ուժեր կը փորձեն վերանայիլ «խաղաղութեան» օրակարգը, ինչ որ, ըստ անոր, կրնայ կարճ ժամանակի ընթացքին յանգեցնել նոր պատերազմի՝ յատկապէս աշնան ամիսներուն։ Ան աւելի ուշ նաեւ յստակեցուցած էր, որ այս գնահատականները կը վերաբերին ընդդիմադիր դաշտի որոշ դերակատարներու, ներառեալ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանին, գործարար Սամուէլ Կարապետեանին եւ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանին։

Փաշինեան նաեւ կրկնած էր իր նախորդ դիրքորոշումը, թէ Ղարաբաղեան շարժումը շարունակելը նպատակայարմար չէ՝ զայն ներկայացնելով որպէս տարածաշրջանային նոր լարուածութիւններու պատճառ։