Քոչարեան. «Նոյնիսկ Մասնակի Իշխանափոխութիւնը Տեղի Կ՛ունենայ Միայն Մեծ Հանրային Ճնշումի Պարագային»
«Իմ գնահատականով մասնակի իշխանափոխութեան տարբերակը աւելի թեթեւ տարբերակ է, եւ ընդդիմութեան խորհրդարան երթալ-չերթալը ատոր հետ կապ չունի: Նոյնիսկ այդ տարբերակը կը գործէ միայն մեծ հանրային ճնշումի պարագային», այս մասին 28 սեպտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան` անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի մասնակի իշխանափոխութեան խորհրդարանական ճանապարհով, երբ ընդդիմութիւնը չի մասնակցիր նիստերուն:
«Ես չեմ հաւատար, որ խորհրդարան երթալ-չերթալով ազդեցութիւն կ՛ունենանք նման կարգի իշխանափոխութեան վրայ, ի հարկէ ոչ: Միայն հանրային մեծ ճնշում պէտք է երկու տարբերակներով իշխանափոխութեան համար: Հարց կ՛առաջանայ` երբեմն մարդիկ ինչո՞ւ այս կամ այն իրավիճակը այսպէս կը գնահատեն: Մինչեւ համացանցը ընդունուած էր, որ տգիտութեան աստիճանը կապուած է տեղեկութեան պակասի հետ, հիմա տեղեկութեան աւելցուկը աւելի վատ ազդեցութիւն կը ձգէ այդ ընկալումներուն վրայ: Ինչ ըսես չեն գրեր, մարդիկ կը շփոթին ֆէյքերու եւ այդ անհեթեթութիւններու դաշտին մէջ», ըսաւ ան:
«Պէտք է լրջօրէն զբաղիլ բանակով: Երկու տարի է կը լսենք բարեկարգումներու մասին, վերջաւորութեան ծնաւ 24 միլիոն դրամով բանակէն ազատելու գաղափարը, ինչ որ ուղղակի քայքայիչ է բանակին համար», ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան:
Ան նշեց, որ այստեղ կան յստակ քայլեր, որոնք պէտք է առնուին:
Ինչ կը վերաբերի սահմանային վերջին իրադարձութիւններուն, ան ըսաւ. «Ինծի համար հասկնալի չէ այն կորուստներու յարաբերակցութիւնը, որ մենք ունեցանք: Այդպիսի յարաբերակցութիւն պետք չէ ունենայինք, եթէ զինուորը պաշտպանուած ըլլար: Ինծի համար հասկնալի չէ, թէ ինչու մենք երկու տարուան մէջ Հայաստանի սահմաններուն մէջ չենք կառուցած լուրջ բնագիծ, միայն 2-3 յենակէտեր բնական կերպով կահաւորուած են` նկարելու, ցոյց տալու համար, մնացեալները անմխիթար վիճակի մէջ են:
Ռ. Քոչարեանի համաձայն, ինք 10 տարի նախագահ եղած է, զէնք ձեռք բերելու խնդիր չէ ունեցած, լաւ չի պատկերացներ, թէ ինչո՛ւ պէտք է այսօր նման խնդիրներ յառաջանան: