Քոչարեան․ Ռուսիոյ քայլերը «վերջնագիր» են Հայաստանին

«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Նոյեմբերեանի մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին խիստ քննադատութեան ենթարկեց իշխանութիւններու արտաքին եւ տնտեսական քաղաքականութիւնը՝ անդրադառնալով ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն եւ հայկական արտադրանքներու նկատմամբ Ռուսիոյ սահմանափակումներուն։

Քոչարեան յայտարարեց, թէ Հայաստանը ոչ անհրաժեշտ միջոցները ունի, ոչ ալ հնարաւորութիւնը՝ փոխհատուցելու գիւղացիներուն կրած վնասները, եւ պնդեց, որ Ռուսիոյ քայլերը, ըստ էութեան, «վերջնագիր» են Հայաստանի իշխանութիւններուն։ Ան նաեւ թերահաւատութիւն յայտնեց Եւրոպական շուկաներ արտահանման հեռանկարներուն նկատմամբ՝ նշելով, որ այդ շուկաները դժուար հասանելի են արտաքին արտադրողներու համար։

Անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան՝ Քոչարեան հեգնական կերպով յայտարարեց, թէ եթէ նման զրոյցները նման հետեւանքներ ունենան, «աւելի լաւ է, որ վարչապետը հեռաձայնով չխօսի»։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ անվտանգութեան, տնտեսութեան եւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցերը։ Քոչարեան համոզում յայտնեց, թէ գերիներու վերադարձը կարելի է ապահովել, միաժամանակ մեղադրելով ներկայ իշխանութիւնները այդ ուղղութեամբ բաւարար ջանքեր չգործադրելու մէջ։

Նոյեմբերեանի հանդիպումին ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ յայտնեց, թէ իշխանութիւնները կը փորձեն սահմանափակել ընդդիմութեան նախընտրական գործունէութիւնը։ Ան տեղեկացուց, որ խուզարկութիւններ կատարուած են «Հայաստան» դաշինքի Աշտարակի նախընտրական կեդրոններուն եւ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ նախագահ, ԱԺ պատգամաւոր Աշոտ Սիմոնեանի բնակարանին մէջ։ Սաղաթէլեան վստահեցուց, թէ այդ քայլերը չեն կրնար խոչընդոտել դաշինքի գործունէութիւնը։