Քեպէգ նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւններուն 6 գանատահայեր առաջադրած են իրենց թեկնածութիւնը
- (0)

Կիրակի, 2 Նոյեմբեր 2025-ին տեղի պիտի ունենան Քեպէգ նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւնները, որոնց առաջադրուած են վեց հայազգի թեկնածուներ. Մոնթրէալի քաղաքապետութեան՝ Շանթ Գարապաճագ, Վանա Նազարեան, Մարի Տերոս, Շահէ Տարագճեան եւ Գարօլին Արսլանեան, իսկ Լաւալի քաղաքապետութեան՝ Սեդա Թօփուզեան: Ստորեւ կը ներկայացնենք անոնց հակիրճ կենսագրականները.
Շանթ Գարապաճագ
Շանթ Գարապաճագ «Transition Montréal» կուսակցութեան կողմէ Մոնթրէալի հարաւ-արեւմտեան շրջանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է։ Շանթ ծնած է Մոնթրէալի Ahuntsic շրջանին մէջ եւ ութը տարիէ ի վեր հաստատուած է հարաւ-արեւմտեան շրջան։
Աւարտած է Մոնթրէալի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմունքը, ապա տարածաշրջանային եւ քաղաքային զարգացման ոլորտին մէջ ստացած է մագիստրոսի աստիճան Գեմպրիճի համալսարանէն։
Տասներկու տարի աշխատած է որպէս եկամտային տնօրէն, իսկ ներկայիս կը զբաղի երկրորդական կարգերու ուսուցչութեամբ։
Շանթ նախապէս մասնակցած է քաղաքապետական ընտրապայքարի։ Ան իր թեկնածութիւնը առաջադրած է 2017-ին, ինչպէս նաեւ Plateau-Mont-Royal շրջանի թեկնածութիւն՝ 2021-ին։
Վանա Նազարեան
Վանա Նազարեան երկրորդ անգամ ըլլալով «Ensemble Montréal» կուսակցութեան կողմէ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Սեն Լորան շրջանի Côte-de-Liesse ենթաշրջանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն։ Ան եղած է «Ensemble Montréal» կուսակցութեան կողմէ ընտրուած 23 ներկայացուցիչներէն մէկը նախորդ ընտրութիւններուն ընթացքին: Պաշտօնավարած է որպէս ընդդիմութեան պաշտօնական խօսնակ՝ քաղաքի ջրային ենթակառուցուածքներու եւ հաղորդակցութեանց հարցերուն գծով։
Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ է։ Ստացած է արուեստի պատմութեան մագիստրոսի աստիճան, ինչպէս նաեւ Executive Business Administration-ի (EMBA)։ Աւելի քան տասը տարիէ ի վեր հաստատուած է Սեն Լորան շրջանին մէջ:
Տասը տարուան քաղաքական, նահանգային թէ քաղաքային ոլորտներէն ներս, իր գործունէութիւնը կը մասնաւորուի տեղական հարցերուն իր աշխոյժ մասնակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ համայնքային նախաձեռնութիւններով՝ բնակիչներու կենսակերպը բարելաւելու եւ հեզասահ զարգացումը խթանելու նպատակով։
Սեդա Թօփուզեան
Սեդա Թօփուզեան Mouvement Lavallois կուսակցութեան կողմէ Լաւալի Renaud Coursol շրջանի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է, որպէս Stéphane Boyer-ի խումբին անդամ: Առաջին անգամ ընտրուած է 2021-ին եւ տասնամեակներէ ի վեր համայնքային գործունէութեան ծիրէն ներս ունի աշխոյժ եւ նուիրեալ մասնակցութիւն։ Մասնագիտութեամբ Ճարտարապետ Է։
Շատ գործուն է Լաւալի հայ համայնքի կեանքէն ներս։ Վարած է պատասխանատու պաշտօններ Հայ Օգնութեան Միութեան Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղին մէջ, որպէս հաշուապահ եւ փոխնախագահ։ Կազմակերպած է սնունդի տրամադրման նախաձեռնութիւններ տարեցներու համար, դրամահաւաքներ քաղցկեղէ տառապող հիւանդներու օգնելու նպատակով եւ մասնակցած է հարկային խորհրդատուական ծառայութիւններու՝ ցած եկամուտ ունեցող քաղաքացիներու համար։
Մարի Տերոս
Մարի Տերոս «Ensemble Montréal» կուսակցութեան կողմէ, Villeray–Saint-Michel–Parc-Extension շրջանի Parc-Extension ենթաշրջանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է:
Որպէս Մոնթրէալի քաղաքային խորհրդական, ան եղած է «Ensemble Montréal» կուսակցութեան ընտրուած 23 ներկայացուցիչներէն մէկը նախորդ ընտրութիւններուն ընթացքին եւ պաշտօնավարած է որպէս ընդդիմութեան պաշտօնական խօսնակ՝ ներգաղթողներու ներգրաւման հարցերուն մէջ, ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի ընկերային զարգացման եւ բազմազանութեան յանձնաժողովին որպէս փոխնախագահ (2009-2011 թուականներուն)։
Ծնունդով յունահայ Մարի Տերոս Մոնթրէալ հաստատուած է 1958-ին։ Ան 27 տարի շարունակ (1998-էն ի վեր) եղած է Parc-Extension շրջանի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։ Ան եղած է գործադիր վարչախումբի անդամ՝ Pierre Bourque եւ Gérald Tremblay վարչակազմերուն ժամանակ։
Շահէ Տարագճեան
Շահէ (Sharkie) Տարագճեան Ensemble Montréal կուսակցութեան կողմէ Pierrefonds-Roxboro շրջանի Cap-Saint-Jacques ենթաշրջանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է: Ան եղած է «Ensemble Montréal» կուսակցութեան ընտրուած 23 ներկայացուցիչներէն մէկը նախորդ ընտրութիւններուն ընթացքին եւ պաշտօնավարած է որպէս շրջանի խորհրդական։
Ծնունդով սուրիահայ Շահէ Տարագճեան Մոնրթէալ հաստատուած է 1968-ին։ 20 տարիէ ի վեր կը գործէ որպէս հանրային գործիչ։ 1986-էն ի վեր բնակիչ է Pierrefonds-Roxboro շրջանին։
Գարօլին Արսլանեան
Մոնթրէալի L’Île-Bizard–Sainte-Geneviève շրջանին մէջ հասակ նետած եւ կրթութիւն ստացած Գարօլին Արսլանեան Projet Montréal կուսակցութեան կողմէ Sainte-Geneviève ենթաշրջանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է:
Գարօլին Արսլանեան ճանչցուած է հանրային կեանքի իր նուիրումով։ Իր առնչութիւնը այն թաղամասին հետ, ուր ապրած է, կ’արտայայտուի աւելի քան տասնհինգ տարուան հանրային եւ քաղաքական կեանքի աշխոյժ մասնակցութեամբ՝ քաղաքապետական, նահանգային եւ դաշնակցային մակարդակներուն վրայ։
Վեց լեզուներու տիրապետող տիկին Արսլանեան իր կարողութիւնները ի սպաս դրած է միջմշակութային երկխօսութեան եւ քաղաքացիական կեանքի մասնակցութեան խթանման։