Քեպէգի մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 135-ամեակը
- (0)

Կիրակի, 1 մարտ 2026-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 135-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր տօնակատարութիւն, «Միասնութիւն՝ յանուն պետականութեան» կարգախօսով, կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէներու, ներկայութեամբ Հայաստանէն յատկապէս այս առթիւ ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուսաստամեանի եւ Գանատայի մօտ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ անդամներուն, Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեանի, Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Քհն. Գոյունեան, Քեպէգի խորհրդարանի պատգամաւոր Սոնա Լախոյեանի, Լաւալի քաղաքային խորհրդական Սեդա Թոփուզեանի, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արա Պալեանի, ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» եւ Օթթաուայի «Վահան Յովհաննէսեան» կոմիտէներու անդամներու, ուղեկից միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որմէ ետք երկու կոմիտէութիւններուն անունով ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Յարութ Դաւիթեան, որ ըսաւ. «Այս օրը միայն կազմակերպութեան տարեդարձ մը չէ։ Ան այն պատմական ընթացքի յիշեցումն է, որ սկսաւ 135 տարի առաջ, երբ երիտասարդ մտքեր որոշեցին, թէ հայ ժողովուրդը պէտք է ունենայ կազմակերպուած կամք։ Այդ օրերուն անոնք չունէին պետութիւն, չունէին ապահովութիւն, չունէին միջազգային երաշխիքներ։ Ունէին միայն համոզում, որ ժողովուրդ մը չի կրնար գոյատեւել, եթէ ինքզինք չկազմակերպէ», ապա աւելցուց. «Կոմիտէութիւնը վարչական կառոյց մը չէ միայն։ Ան այն սենեակն է, ուր գիշերուան ուշ ժամերուն որոշումներ կը կայացուին, այն վայրը, ուր երիտասարդ մը առաջին անգամ կը հասկնայ, թէ պատկանելիութիւնը պատիւ չէ միայն, այլ ծառայութիւն, այն միջավայրն է, ուր գաղափարները կը վերածուին վարքագիծի»: Դաւիթեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Թող այս օրը ըլլայ ոչ միայն յիշատակ, այլ շարունակուող ընթացք, ոչ միայն պարտք, այլ վստահութիւն, ոչ միայն անցեալ, այլ ապագայի հիմք»:
Տեղի ունեցաւ Վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութիւն ՀՅԴ-ի պատմութեան մասին, ապա ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Թալիա Ճապրայեան ԳԵՄ-ի անունով խօսք առնելով, ըսաւ. «Կուսակցութիւնները ընդհանրապէս կը ծնին, որպէսզի տուեալ ժողովուրդի մը շահերը առաջ տանին։ Անոնք կ՚ունենան գաղափարախօսութիւն, կազմակերպչական մեքենայ եւ ընտրական օրակարգ։ Սակայն, այն չէր Դաշնակցութեան պարագային։ Դաշնակցութիւնը ծնաւ այն պահուն, երբ հայ ժողովուրդը կը գտնուէր չգոյութեան շեմին։ Շունչ առաւ, որ շունչ տայ արհամարհուած ժողովուրդի մը, մղելով զայն արժանապատիւ պայքարի դաշտ։ Ան իր ձեռքերուն մէջ առաւ հայ ազգի ճակատագիրը», անկէ ետք իր առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ Պատանեկան միութենէն ընթացաւարտ պատանիներու փոխանցում՝ ԳԵՄ-ի շարքեր, Երիտասարդականի իրենց խոստումը տալով: Ճապրայեան ողջունեց զանոնք ըսելով. «Որպէս դաշնակցական երիտասարդներ, ըլլաք հայրենիքէն ներս թէ դուրս, երբ լսէք ազգային պարտքի կանչը, պէտք է պատրաստ ըլլաք ծառայելու։ Չկայ աւելի լաւ զգացում քան գիտակցիլ, որ ճիգ չես խնայեր համայնքիդ եւ հայրենիքիդ համար, այնպիսի մարդոց կողքին, որոնք կը կիսեն քու արժէքներդ եւ իտէալներդ։ ԳԵՄ-ը ձեզ պիտի օժտէ պատկանելիութեան եւ պայքարի ամենաուժեղ զգացումներով»:
«Պետականաստեղծ ՀՅԴ» տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, խմբային ազգագրական պարով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Լեւոն Արապեանի: Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկաւ Քրիստափոր Չարեան, որ ասմունքեց Անահիտ պալեանի «ՀՅԴ-ին» քերթուածը, ապա Սեւակ Պապիկեան, Յարութ Կիւլոյեան եւ հրակ Պանկեան հանդէս եկան «Վեհ գաղափար Դաշնակցութեան» երգով:
Օրուան հանդիսավար Շողիկ Գաթարոյեան ներկայացուց օրուան պատգամաբեր, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Արմէն Ռուստամեանի հակիրճ կենսագրականը, որմէ ետք բանախօսը ելոյթ ունեցաւ, ըսելով. «Եւ այստեղ պատահական չի, որ երդմամբ ու խոստումներով մենք միշտ ստանձնել ենք պարտաւորութիւն ծառայել մեր ժողովրդին, ծառայել մեր հայրենիքին, եւ այսօր ամենակարեւոր եւ վճռական պահն է հասել, առանց չափազանցութեան։ Մենք պարտաւոր ենք ճիշդ գնահատել մեր նորօրեայ, էս անցած ճանապարհը, մենք պարտաւոր ենք ամփոփել այս վերջին 8 տարիները եւ ճիշդ եզրակացութիւնների գալով հասկանալ, թէ դէպի ո՛ւր պիտի շարունակի մեր ընթացքը։ Այս ութ տարիները իսկապէս ցոյց տուեցին, որ մենք գահավիժման մէջ ենք։ Ինչ ունէինք 2018-թուականին, եւ ինչ ունենք հիմա։ Սա մեր ընդհանուր գնահատմանն է կարօտ, եւ մենք պարտաւոր ենք բաց հայեացքով, անկողմնակալ եւ անաչառ կերպով այս գնահատումն անել»:
Ապա ան անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ կացութեան եւ ընտրութիւններուն, բարդ իրավիճակին եւ մեր ժողովուրդի, քաղաքական ուժերու եւ յատկապէս՝ Դաշնակցութեան պարտաւորութիւններուն այս վճռորոշ հանգրուանին։ Ռուստամեան իր խօսքը եզրակացնելով ըսաւ. «Այս ընտրութիւնը կա՛մ որոշում է, որ մենք ունենալու ենք ինքնուրոյն պետութիւն, ունենալու ենք մեր ազգային արժանապատուութիւնը պաշտպանող պետութիւն, կա՛մ գնալու ենք թուրքացման ճանապարհով եւ անընդհատ մեր կորուստները աւելի ու աւելի են շատանալու: Ես վստահ եմ, որ մեր սերունդը այդ յաղթանակը կերտող սերունդը կարող է ըլլալ, ազատամարտը հենց այս սերունդն է իր աչքերով տեսել, եւ մենք պիտի վերադառնանք մեր ակունքներին եւ այդ յաղթանակը չի ուշանայ՝ վասն հայրենեաց եւ վասն հաւատի: Կեցցէ՛ հայութիւնը եւ Հայաստանը: Կեցցէ՛ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը»:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Սրբ. Արք. Չարեան, որ ըսաւ. «Դրօն առիթով մը ըսած էր, թէ այնքան ատեն որ մեր ժողովուրդը բռնագրաւուած հողեր ունի, մեր ժողովուրդը իրաւունքներ ունի ձեռք բերելիք, մեր հողերը գրաւուած են, մեր արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած է, Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը մինչեւ որ հայը վերադառնայ իր տաքուկ բոյնը», ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Զարթի՛ր լաօ, թող բացուին մեր ժողովուրդի աչքերը՝ տեսնելու, լսելու եւ որոշելու, արթննանք՝ տեսնելու ճշմարտութիւնը եւ պայքարինք՝ յանուն ճշմարտութեան, յանուն իսկական ազատութեան եւ անկախութեան, յանուն մեր իրաւունքներուն եւ հողերուն ձեռք բերման եւ մեր ժողովուրդի արդար եւ յաղթական գոյերթին»:
ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ
«Հորիզոն»







