Քեպէգի Ազատական կուսակցութիւնը կը խոստանայ Ցեղասպանութեանց ուսուցումը պարտադիր դարձնել, եթէ իշխանութեան գայ յառաջիկայ ընտրութիւններուն. Շոմէտի շրջանի երեսփոխան Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ
Մայիս 25-26 շաբաթավերջին, Պրոմոնի մէջ, Քեպէգի Ազատական կուսակցութիւնը ունեցաւ իր Ընդհանուր Խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին որոշում կայացուց Ցեղասպանութեանց ուսուցումը Քեպէգի երկրորդական վարժարաններուն մէջ պարտադիր դարձնելու մասին, եթէ իշխանութեան գայ Քեպէգի նահանգային յառաջիկայ ընտրութիւններուն։ Այս մասին «Հորիզոն»ի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց Քեպէգի խորհրդարանի անդամ, Ազատական կուսակցութեան երեսփոխան Սոնա Լախոյեան Օլիվիէն: Նշենք, որ Քեպէգի կրթական համակարգը կը ներառէ Ցեղասպանութեանց ուսուցումը Քեպէգի դպրոցներէն ներս, որուն համար դասագիրքեր ալ պատրաստուած են, սակայն պարտադիր չէ եւ վստահուած ուսուցիչին ու դպրոցին հայեցողութեան:
Երեսփոխան Սոնա Լախոյեան Օլիվիէ «Հորիզոն»ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ կուսակցութեան Ընդհանուր Խորհուրդի երկօրեայ նիստերուն թեման տնտեսութիւն եւ ելեւմտական կառավարումն էր, սակայն Ազատական կուսակցութեան անդամի մը կողմէ ներկայացուած է բանաձեւ մը, որուն մէջ առաջարկուած է հրէական ողջակիզման (Հոլոքոստ) դասաւանդման պարտադիր ուսուցումը Քեպէգի կրթական համակարգին մէջ: Երեսփոխան Լախոյեան Օլիվիէ յայտնեց, որ ինք անմիջապէս հակադարձելով այս բանաձեւին, առաջարկած է բարեփոխել զայն՝ հրէական Հոլոքոստի ուսուցումը չափազանց «սահմանափակուած» բնորոշելով: Երեսփոխանը առաջարկած է բոլոր Ցեղասպանութեանց ուսուցումը ընդգրկելու մասին՝ ներառելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ի շարս ուրիշ Ցեղասպանութիւններու՝ Հոլոքոստին, ռուանտականին, Քամպոտականին, Ուքրանականին ու մինչեւ իսկ Ամերիկեան ցամաքամասի բնիկ ժողովուրդներու ցեղասպանութեան:
Նիստերուն ընթացքին, երեսփոխան Սոնա Լախոյեան Օլիվիէի միջամտութեամբ բանավէճ տեղի ունեցած է նշեալ բանաձեւին շուրջ: Անոնք յայտնած են, թէ Գանատայի երեք նահանգներ՝ Պրիթիշ Գոլոմպիա, Օնթարիո եւ Ալպերթա, նաեւ ԱՄՆ-ի 13 նահանգներ արդէն վաւերացուցած են այս առաջարկը, հետեւաբար կոչ ուղղած են, որ այս բանաձեւով կարելի ըլլայ զայն իրագործել Քեպէգ նահանգին մէջ եւս: Մէկ օրուան տեւողութեամբ բանակցութիւններ կատարած է երեսփոխան Օլիվիէ, որպէսզի հրեաներու կողմէ առաջարկուած բանաձեւը ընդգրկէ բոլոր ցեղասպանութիւնները, ապա բանաձեւը վերատեսութեան ենթարկուած է երեսփոխան Լախոյեան Օլիվիէի կողմէ, որուն հիմամբ նիստերու աւարտին բանաձեւին մէջ նշեալ Հոլոքոստը փոխարինուած է «Ցեղասպանութիւն» բառով: Ան յայտնեց, որ երկրորդ օրուան նիստին ինք ներկայացուցած է բարեփոխուած բանաձեւը, եւ նախորդ օրուան բանակցութիւններուն շնորհիւ, որոնց ընթացքին ան համոզիչ բացատրութեամբ բանակցած էր ներկաներուն հետ, եւ որուն որպէս արդիւնք ժողովը միաձայնութեամբ ընդունած է զայն: Հետեւաբար Ազատական կուսակցութիւնը, եթէ յառաջիկայի Նահանգային Խորհրդարանական ընտրութիւններուն իշխանութեան գայ, ըստ նշեալ բանաձեւին, կը խոստանայ Ցեղասպանութեանց ուսուցումը դարձնել պարտադիր Քեպէգի վարժարաններէն ներս:
Երեսփոխանը բանաձեւին մանրամասնութիւններուն անդրադառնալով յայտնեց, թէ Ցեղասպանութեանց ուսուցումը նկատի առնուած է երկրորդական տարիներուն դասաւանդութեանց համար, սկսեալ եօթերորդ դասարանէն (երկրորդականի առաջին տարին), եւ որուն համար կ’առաջարկուի Մոնթրէալի մէջ Հոլոքոստի թանգարանին կողմէ պատրաստուած ուղեցոյցը օգտագործել: Բանաձեւը կ’ընդգրկէ նաեւ Քեպէգի կառավարութեան կողմէ յատուկ ծրագրով մը օժանդակել ուսուցիչներուն այս դասանիւթին առնչութեամբ վերապատրաստուելու հարցով: Բանաձեւը կ’առաջարկէ նաեւ աշակերտներուն համար այցելութիւն նախաձեռնել Ցեղասպանութեան թանգարաններ, ինչպէս՝ Մոնթրէալի Հոլոքոստի թանգարանը, որպէսզի կարենան համապարփակ գաղափար կազմել պատմութեան ընթացքին կատարուած ցեղասպանութիւններուն մասին:
Երեսփոխանը յայտնեց, թէ նիստին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Ցեղասպանութեանց դասաւանդման կարեւորութեան, որովհետեւ ապացուցուած է, թէ ցեղասպանութեան մասին դասաւանդումը կը նպաստէ աշակերտներուն քննական եւ քննադատական մտածողութեան եւ մանաւանդ կը սատարէ սերունդները այնպէս մը դաստիարակելու, որպէսզի չկրկնուին անցեալի սխալները: Ան ըսաւ, թէ երեխաներուն չի փոխանցուիր աշխարհի ամբողջական պատմութիւնը եւ թէ պատմութեան լիիրաւ դասաւանդումը ընդհանուր կրթութեան մաս կը կազմէ, ներառեալ ցեղասպանութիւնները:
Երեսփոխան Լախոյեան Օլիվիէ շեշտեց նաեւ կարեւորութիւնը հայ երեսփոխաններ ունենալու քաղաքական բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ բոլոր ոլորտներէն ներս, որոնց միջոցաւ կարելի կ’ըլլայ նման բանաձեւերու ընդունումն ու ի հարկին բարեփոխումը՝ ի նպաստ մեր ժողովուրդին ու մեր Դատին: Հետեւաբար նահանգային թէ դաշնակցային խորհրդարաններուն մէջ երեսփոխաններ ունենալը չափազանց էական է, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետ անոնց համագործակցութիւնը, ի խնդիր հայութեան շահերու հետապնդման, յատկապէս, որ Հայ Դատի յանձնախումբը ունեցած է իր ներդրումն ու մասնակցութիւնը Հոլոքոստի Թանգարանի ուղեցոյցի պատրաստման մէջ՝ ներառելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւս:
Երեսփոխան Լախոյեան Օլիվիէ կը շեշտէ նաեւ, որ որքան ալ հայ ժողովուրդը պաշտպանէ իր դատը եւ որքան ալ Հայ Դատի յանձնախումբերը բազմապիսի աշխատանքներ տանին, հիմնական գործօն է երեսփոխաններ ունենալը քաղաքական բոլոր մակարդակներուն վրայ, որպէսզի մօտէն հետապնդուին մեր Դատի շահերն ու առաջ մղուին մեր առաջարկները: Ան նշեց, թէ անցնող երկու տարիներուն ընթացքին Քեպէգի նահանգային խորհրդարանը երկու բանաձեւ միաձայնութեամբ ընդունած էր Արցախի առնչութեամբ. մէկը 2023-ի Փետրուարին՝ Լաչինի միջանցքի փակման առնչութեամբ, իսկ միւսը՝ 2023-ի Հոկտեմբերին՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայաթափումը դատապարտող.
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Comments are closed.