Քարէ ու մարմարէ գիրքեր
- (0)

Բժ. Օհան Թապաքեան
Դարերու ընթացքին մարդկային կեանքին մէջ մեծ եղած է գիրքին դերը, սակայն վերջին տասնամեակներուն ընթացքին համացանցը – իսկական անթերի համայնագիտարան – բոլորովին յեղաշրջելով մինչ այդ տիրող համակարգը, դարձաւ մանուկին, պատանիին, երիտասարդին, մէկ խօսքով նոր սերունդին անհրաժեշտ ու անփոխարինելի սիրելին, իր գլխաւոր զոհերէն մին դարձնելով թղթակազմ գիրքը:
Սակայն թղթակազմ գիրքին ու համացանցին կողքին գոյութիւն ունին նաեւ քարէ ու մարմարէ գիրքերը, որոնց մասին անդրադարձած է 19-րդ դարու ֆրանսացի հանրածանօթ գրագէտ Victor Hugo-ն, նշելով որ շատ մը երկիրներու մէջ անցեալին կառուցուած մայր եկեղեցիները (cathedrales) անգին քարէ ու մարմարէ գիրքեր են, որոնք կ’արտացոլեն ժողովուրդի մը եւ կամ հաւաքականութեան մը անցեալի մշակութային ու այլ արուեստներու մէջ իրենց ունեցած յառաջդիմութիւնները, ամփոփուած՝ եկեղեցիներու, վանքերու ու նաեւ գերեզմանաքարերու վրայ տեղ գտած արձանագրութիւններով:
Հայրենիքները միայն լեռներ, դաշտեր, գետեր ու անտառներ չեն, այլ նաեւ գերեզմանները, ուր թաղուած են ժողովուրդի մը նախնիքները, ինչպէս նաեւ անոնց մեծ մեռելները: Հողին պաշտամունքը կ’ենթադրէ պաշտամունքը մեռելներուն, որոնք եղած են նախնիքները ապրող սերունդին: Զարմանալի չէ ուրեմն, որ մեր նախնիքները գուրգուրանքով կը խնամէին գերեզմանները իրենց սիրական մեռելներուն ու կը հաւատային, որ գոյութիւն ունի կապ մը ապրողներուն ու մեռելներուն միջեւ: Վանքերուն մէջ բնակող մեր կղերականութեան գրիչները գրականութիւն չեն ստեղծած, բայց դարէ դար, սերունդէ սերունդ փոխանցած են հայ մտքի վաստակը, գերեզմանաքարերուն ու յուշարձաններուն քարէ կամ մարմարէ պատերուն վրայ արձանագրուած իրենց գրութիւններով:
Բարձունքի մը վրայ նշմարելի է Սարդարապատի յուշարձանը՝ հեռուէն իսկ տպաւորիչ. մուտքին աջ ու ձախ կողմերը երկու կատղած ցուլերով, որոնք կարծես կը սպառնան ամբարիշտներուն՝ դուրսը պահելու համար զիրենք ներսի սրբազան հողէն, ու անոնք ծերացած առիւծի աչքերով կը նային մշուշին մէջ լողացող Մասիսին ու անդին պատերուն վրայ արձանագրուած գրութիւններուն՝ ձօնուած հայ հերոսներուն, սեղմ ու խտացուած բառերով:
Կրօնքը, որ խոստացած է իր հետեւորդներուն յետ մահու կեանք մը, չէ կրցած խեղդել մարդուն մէջ չմոռցուելու իղձը. ու մահուան մղձաւանջով գալարուող մահկանացուն կը շարունակէ փրկութեան խարիսխներ փնտռել չուրացուելու, ու չմոռցուելու հնհնուքը կը կրծէ իր սիրտը:
Գերեզմաններու մէջ խաչքարերու ու հողաթումբերու վրայ բարձրացած կոթողներ ու բուրգեր գոյութիւն պիտի չունենային, եթէ մարդը, որ ապրած է հեռու արուեստէն ու գրականութենէն, չունենար իղձը իր նմաններէն ու մանաւանդ իր անմիջական շրջապատէն յիշուելու: Մեռելներու պաշտամունքը սովորական երեւոյթ է նաեւ Յունաստանի, Հռոմի ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ: Հոգեհանգիստները նոյն նպատակով յօրինուած կրօնական արարողութիւններ են:
Հարկ է նշել, որ մեր պատմութեան նկարագիրը աւելի շատ կրօնական-քրիստոնէական է քան զինուորական-քաղաքական: Մեր ժողովուրդը գրեթէ բացակայ է մեր պատմութենէն, ու ընդհանուր պատմութեան մէջ կ’իշխեն թագաւորները, իշխանները, զօրապետները, սակայն գրեթէ բացակայ է ամբոխը, ժողովուրդը:
Սեղմ ու խտացած ըսուած ճշմարտութիւն մը. զանգուածը կը սիրէ իրեն մատուցուած ճշմարտութիւնները, որովհետեւ ան աւելի կ’ախորժի իրերայաջորդ պէտքերով զարգացած արարքներէ քան սառնադատ խոկումներէ, որոնք նուազ մատչելի փնտռուած են մտաւորական ընտրանիներէ:
1984 թուականին, երբ տակաւին համայնավար վարչակարգը տէրն ու տիրականն էր մեր երկրին, բախտը ունեցայ մաս կազմելու Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած Հայաստանագնացութեան խումբին, որուն մաս կը կազմէր նաեւ այժմ հանգուցեալ Վարուժան Պոյաճեանը. ան ամուրի անձ՝ վերջին 5-6 տարիներուն ընթացքին կանոնաւորաբար իր արձակուրդները կ’անցընէր Հայաստան, ուր ունէր բազմաթիւ ազգականներ: Ան պրպտող միտք, մօտէն ծանօթ էր համայնավար վարչակարգի ճիրաններուն տակ հիւծող մեր ժողովուրդին վիճակին: Օր մը ինծի առաջարկեց մի քանի ժամ բաժնուելով խումբէն իր ազգականներէն մէկուն հետ միասին այցելել Երեւանի մօտերը գտնուող վանք մը, որուն ընթացք տուի սիրով:
Մօտ 15 վայրկեան ետք, վանքին քահանան՝ Տէր Յուսիկը, կորաքամակ, մօտ 70 տարեկան անձ մը, բարի գալուստ մաղթելէ ետք բոլորիս, տեղեկութիւններ փոխանցեց մեզի վանքին մասին, ապա ան մեզ առաջնորդեց այցելելու վանքին կից լայնատարած գերեզմանատան բաժինը: Բազմահարիւր տապանաքարեր, ոմանք ժամանակի ընթացքին մաշած քարերով: Քիչ մը անդին կանգ առինք տապանաքարի մը առջեւ, որուն վրայ ընթեռնելի կերպով գրուած էր Եղիա Գասպարեան, դաշնակցական մարտիկ, մահացած 1918-ին: Քիչ մը անդին այլ տապանաքար մը, որուն վրայ յստակօրէն նշուած էր ննջեցեալին Դրոյին գումարտակին մաս կազմած ըլլալուն պարագան: Այցելեցինք նաեւ այլ գերեզմաններ հետաքրքրական գրութիւններով… Մօտ կէս ժամ ետք շնորհակալութիւն յայտնեցինք Տէր Յուսիկին ու հրաժեշտ առինք իրմէ ու փութացինք միանալու մեր խումբին:
Հարկ է նշել, որ համայնավար վարչակարգէն առաջ, դարերու ընթացքին մեծ է եղած վանքերուն ու կրօնականներուն դերը ժողովուրդներուն մէջ. Victor Hugo իր «թշուառներ»ուն մէջ տեղ մը գրած է. «Իշխելու համար հրաժարիլ», այս է եղած վանականութեան նշանաբանը: Քրիստոնէութեան մուտքէն վերջ Հայաստան, այս եղաւ նաեւ մեր վանականներուն նշանաբանը՝ «Հրաժարիլ իշխելու համար»:
Եկեղեցին երկրորդ պետութիւն մըն էր մեր մէջ, երբեմն նոյնիսկ աւելի հզօր ու գերիշխան, քան բուն պետութիւնը. վկայ մեր ունեցած վանքերուն հսկայ թիւը. անցեալին աւելի շատ վանական ունէինք քան զինուոր, ու վանքերուն կից գոյութիւն ունէին հիւանդանոցներ ու որբանոցներ… ազգը աւելի կը մտածէր հոգիի փրկութեան քան երկրի պաշտպանութեան մասին:
Զարմանալի չէ ուրեմն հայ ժողովուրդին գերեզմանները գուրգուրանքով խնամելը, ինչպէս նաեւ յետ մահու կեանքի մը գոյութեան հաւատալը շատերուն համար: Իրենց համար քունը կարճատեւ մահ մըն է, մինչ մահը երկարատեւ անվերադարձ քուն…
Քարէ ու մարմարէ գիրքերը մեր պատմութեան տկար օղակները նշող ու մեր յաջողութիւններն ու սխրագործութիւնները արտացոլող վաւերական վկաներ են: