«Քանի Կան Պայքարող Քաղաքական Ուժեր, Այս Կառավարութիւնն Իր Ծրագրերը Չի Կարողանալու Աւարտին Հասցնել». Իշխան Սաղաթէլեան

13 Օգոստոսին, դատարանի բակին մէջ, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան, անդրադառնալով ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեանի բանտարկութեան ժամկէտը երկարաձգելուն վերաբերեալ միջնորդութեան քննարկման՝ ըսաւ, որ եղածը ի սկզբանէ շինծու քրէական գործ է եւ դասական քաղաքական հետապնդում:

Ան ընդգծեց, որ դատարաններուն հետ շատոնց յոյս չեն կապեր։

«Ակնյայտ է, որ այսօր դատական համակարգը, բացառութեամբ մի քանի դատաւորների, դարձել է Նիկոլ Փաշինեանի ապօրինի հրահանգները դակողը, քննչական մարմինների, դատախազութեան ապօրինի գործողութիւնների վերջնական դակողը։ Մենք երբեք հաշտ չենք այս իրավիճակի հետ, երբեք չենք համակերպուելու։ Անցնող 4-5 տարիների ընթացքում մեր կռիւը տուել ենք, շարունակելու ենք աւելի մեծ թափով», ըսաւ Սաղաթէլեան, ըստ որուն,

Դաշնակցութեան անդամները՝ պարզ շարքայինէն մինչեւ ղեկավարութիւն, այս իշխանութիւններուն կողմէ կը հետապնդուին։

«Վստահ եմ՝ յառաջիկայում հետապնդումները շարունակուելու են։ Այս իշխանութեան թիրախում պայքարող քաղաքական ուժերն են, բայց քանի դեռ կան այդ ուժերը, այս երիտթուրքական կառավարութիւնն իր ծրագրերը չի կարողանալու ամբողջապէս աւարտին հասցնել», յայտարարեց Սաղաթէլեան։

Comments are closed.