«Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ը Մերժեց Ընդունիլ Ռազմագերիները Ազատ Արձակելու Մասին Ընդդիմութեան Նախագիծը
Հայաստանի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան խմբակցութիւնը երէկ մերժեց ընդունիլ Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու վերաբերեալ ընդդիմութեան յայտարարութեան նախագիծը:
Փաստաթուղթով Հայաստանի խորհրդարանին անունով կոչ կ՛ուղղուի միջազգային հանրութեան ճնշում գործադրել Պաքուի վրայ` Ազրպէյճանի մէջ պահուող բոլոր հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման համար:
Ընդդիմութեան նախագիծը չընդունուեցաւ 30 կողմ եւ 0 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Փաստաթուղթը նաեւ կը յորդորէր Հայաստանի կառավարութեան աշխուժօրէն համագործակցիլ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ միւս բոլոր հայ գերիներու ազատ արձակման հասնելու համար:
«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեան պնդեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն օր կը զբաղի հայ գերիները վերադարձնելու հարցով, ու քանի որ ընդդիմութեան ներկայացուցած յայտարարութեան նախագիծը չի լուծեր այդ խնդիրը, եւ իրենք չեն կրնար սխալ գործիքներով խնդիրին ճիշդ լուծում տալ, հետեւաբար «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը պիտի չմասնակցի քուէարկութեան:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու, Ազրպէյճանի մէջ հիմա 23 հայ գերութեան մէջ է, անոնցմէ 8-ն Արցախի ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարութիւնն է:
Comments are closed.