Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ CCAF-ի տարեկան աւանդական ընթրիքը
- (0)

Երեքշաբթի, յունուար 27-ի երեկոյեան, Փարիզի «Hôtel du collectionneur»-ին մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) տարեկան աւանդական ընթրիքը, որուն ներկայ գտնուեցան աւելի քան 400 հիւրեր: Ներկաներու շարքին էին Ֆրանսայի քաղաքական վերնախաւի կարկառուն դէմքեր՝ նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ, Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լառշէ, վարչապետ Սեպասթիէն Լըքոռնիւ, նախարարներ, ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ, ինչպէս նաեւ տարբեր ոլորտներէ՝ ծանօթ բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններ:
Երեկոյթի ընթացքին «Արիութեան շքանշան» (Médaille de courage) յանձնուեցաւ Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լառշէին՝ Արցախի եւ Հայաստանի ի նպաստ Ծերակոյտի որդեգրած բանաձեւերուն եւ զօրակցութեան համար, ինչպէս նաեւ վարչապետ Սեպասթիէն Լըքոռնիւին՝ որպէս նախկին Պաշտպանութեան նախարար ֆրանքեւհայկական ռազմական համագործակցութիւնը զարգացնելուն եւ Հայաստանի անվտանգութեան սատարելուն համար:
CCAF-ի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտեցին Պաքուի մէջ պահուող 19 հայ պատանդներու անյապաղ ազատ արձակման հրամայականը, խստիւ դատապարտեցին Արցախի ցեղային զտումը եւ միջազգային հանրութեան կրաւորական կեցուածքը՝ պահանջելով գործնական պատիժներ Ատրպէյճանի դէմ:




Ֆրանսայի կառավարութեան անունով ելոյթ ունեցան ներքին գործոց նախարար Լօռան Նունիէզ եւ վարչապետ Լըքոռնիւ՝ վերահաստատելով Ֆրանսայի անվերապահ աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան:
Յատկանշական էր Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի յայտարարութիւնը, որ CCAF-ին պիտի տրամադրուի նոր կեդրոնատեղի մը Փարիզի 16-րդ թաղամասի պատմական «Pavillon de I’Eau» շէնքին մէջ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ փետրուար 6-8 տեղի պիտի ունենան CCAF-ի Անհատներու ժողովի ընտրութիւնները: