Փաշինեան Քրեմլինի մէջ կը կատակէ Փութինի հետ՝ «Հայաստանի մէջ չափազանց շատ Է ժողովրդավարութիւնը»
- (0)

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ Մոսկուայի՝ Քրեմլինի մէջ, 1 ապրիլին տեղի ունեցաւ անսովոր զրոյց մը։
23 վայրկեան տեւած հանդիպումը տեսագրուեցաւ եւ հրապարակուեցաւ, ներառեալ՝ երկու կողմերուն յայտարարութիւնները։ Տարօրինակ է, որ հանդիպման ընթացքին Փաշինեան կուրծքին կը կրէր իր կողմէ այսպէս կոչուած «Իրական Հայաստան»-ի քարտէսը։ Ոեւէ խելամիտ ղեկավար նման հանդիպման ընթացքին իր երկրին քարտէսը չէր կրեր։
Ամէնէն ցնցող բանը, զոր Փաշինեան ըսաւ Փութինին, հետեւեալն էր. «Հայաստանը ժողովրդավարական երկիր է… Ունինք քաղաքացիներ, որոնք կը կարծեն, թէ Հայաստանի մէջ չափազանց շատ է ժողովրդավարութիւնը… Օրինակ, մեր ընկերային ցանցերը 100 տոկոսով ազատ են, ընդհանրապէս որեւէ սահմանափակում չկայ, եւ շատ քաղաքացիներ կը կարծեն, թէ ատիկա չափէն աւելի է….»։ Փաշինեան յանդգնեցաւ Հայաստանի մէջ իր բռնատիրական իշխանութիւնը ներկայացնել իբրեւ չափազանց ժողովրդավարական։
Ուրախ եմ, որ այս հանդիպման տեսագրութիւնը հրապարակուեցաւ, որպէսզի հանրութիւնը կարելիութիւն ունենայ տեղեկանալու, թէ ի՛նչ քննարկուած է։ Պաշտօնական բանակցութիւններէն ետք երկու ղեկավարները շարունակեցին քննարկումները փակ ձեւաչափով՝ աշխատանքային նախաճաշի ընթացքին։
Նախագահ Փութին հանրային հանդիպումը սկսաւ Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու վերաբերեալ մեկնաբանութեամբ՝ զգուշացնելով, որ՝ «Հայաստանի ներքաղաքական գործընթացները թափ կը ստանան»։ Սակայն, ըստ անոր, այս «սրացումը… որեւէ կերպով պէտք չէ վնասէ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ մեր յարաբերութիւններուն»։
Փութինը զգուշացուց, որ՝ «Կարելի չէ միեւնոյն ատեն անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ)։ Ատիկա պարզապէս անկարելի է»։ Ան ակնարկեց, որ եթէ Հայաստանը շարունակէ խորացնել տնտեսական յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ, այլեւս չի կրնար ԵԱՏՄ երկիրներ, որոնց կարգին Ռուսիա, արտածել միլիառաւոր տոլարներ արժողութեամբ ապրանքներ, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ Հայաստանի տնտեսութեան փլուզման։ Փութին ընդգծեց, որ՝ «Վերջին տարիներուն ԵԱՏՄ երկիրներ Հայաստանի արտածումը աճած է 10 անգամով»։
Ի պատասխան՝ Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանը առայժմ պիտի շարունակէ օգտուիլ երկու առեւտրական ուղղութիւններէն, մինչեւ հարկադրուած ըլլայ վերջնական ընտրութիւն կատարել: Սակայն ո՛չ Փութինը, ո՛չ ալ Փաշինեանը բաւարար պատճառ ունէին այս հարցը հիմա քննարկելու, քանի որ Հայաստան տակաւին տասնամեակներով հեռու է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան անհրաժեշտ չափանիշներուն համապատասխանելէն:
Փաշինեանին ուղղուած այլ խիստ մատնանշում մը կատարելով՝ Փութին յիշեցուց, թէ, հակառակ անոր որ՝ «Կազին գինը Եւրոպայի մէջ կը գերազանցէ 600 տոլարը՝ 1000 խորանարդ մեթրի դիմաց, Ռուսիան Հայաստանին կազ կը վաճառէ 177,5 տոլարով՝ 1000 խորանարդ մեթրի դիմաց։ Տարբերութիւնը մեծ է։ Տարբերութիւնը հսկայական է»։ Եթէ Ռուսիա բարձրացնէ կազին գինը Հայաստանի համար, ապա Հայաստանի մէջ արտադրութիւնը կրնայ կանգ առնել, իսկ բնակչութիւնը ձմրան պիտի յայտնուի լուրջ դժուարութիւններու առջեւ։
Անսպասելիօրէն, Փութինը բարձրացուց, իր բնորոշումով՝ «Ամէնէն զգայուն հարցը»՝ Ղարաբաղը։ Վստահ եմ, որ նախագահ Ալիեւ դժգոհ էր, որ Ղարաբաղը ներկայացուեցաւ իբրեւ «ամէնէն զգայուն հարց», քանի որ թէ՛ ան, թէ՛ Փաշինեանը Ղարաբաղի հարցը փակուած կը համարեն։ Այնուհետեւ Փութինը անտեղի անդրադարձաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հայաստանի սառեցուած անդամակցութեան՝ նշելով, որ ՀԱՊԿ-ն չէր կրնար միջամտել Ղարաբաղեան հակամարտութեան Փաշինեանի կողմէ 2022 թուականին Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճան մաս ճանչնալէ ետք։ Այստեղ երկու կողմերն ալ կատարեցին շարք մը սխալ պնդումներ։ Փութինը սխալեցաւ եւ Ղարաբաղի պաշտպանութեան ՀԱՊԿ-ի չմիջամտելը կապեց Փաշինեանի 2022 թուականի զիջման հետ։ Նախապէս, երբ խօսք եղած էր ՀԱՊԿ-ի՝ Ղարաբաղեան պատերազմին չմիջամտելու մասին, Փութին ճիշդ բացատրած էր, որ ՀԱՊԿ-ն չէր կրնար պաշտպանել Ղարաբաղը, քանի որ անիկա Հայաստանի Հանրապետութեան մաս չէր կազմեր։ Այն հարցը, որ Փաշինեանը պէտք է բարձրացնէր, հետեւեալն էր. ինչո՞ւ ՀԱՊԿ-ն չմիջամտեց, երբ ազրպէյճանական զօրքերը 2021 եւ 2022 թուականներուն ներխուժեցին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք, այն պարագային, երբ ՀԱՊԿ-ն իր անդամ պետութիւնը՝ Հայաստանը պաշտպանելու լիազօրութիւն ունէր։
Փաշինեան իր կարգին սխալեցաւ եւ մեղադրեց Ռուսիան՝ Ղարաբաղը իրմէ առաջ Ազրպէյճանի մաս ճանչնալուն համար։ Սակայն ասիկա չի կրնար արդարացնել Փաշինեանի կողմէ Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի մաս ճանչնալը, քանի որ աշխարհի ոչ մէկ երկիր, նաեւ՝ Ռուսիան, չէ ճանչցած Ղարաբաղը իբրեւ Հայաստանի մաս։ Հայաստանը նոյնպէս չէ ճանչցած Ղարաբաղը իբրեւ Հայաստանի մաս։ Աւելի՛ն. ինչո՞ւ Փաշինեանը իր որոշումը կը հիմնաւորէ Ռուսիոյ դիրքորոշումով։
Այնուհետեւ Փութին վերադարձաւ Հայաստանի յառաջիկայ ընտրութիւններու թեմային՝ նախազգուշացնելով՝ աւելի լաւ կ’ըլլար, որ Ղարաբաղի եւ ՀԱՊԿ-ի հարցերը՝ «չդառնան ներքաղաքական գործընթացի մաս, յատկապէս նախընտրական արշաւի ընթացքին»։ Փութինը նաեւ յիշեցուց, որ Ռուսիոյ մէջ կ’ապրի աւելի քան երկու միլիոն հայ՝ թերեւս ակնարկելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւններու վատթարացման պարագային, վերջին տարիներուն Ռուսիա տեղափոխուած հայերու զգալի մասը կրնայ հարկադրուած ըլլալ վերադառնալ Հայաստան։
Այնուհետեւ Փութին դիմեց Փաշինեանին խնդրանքով մը, որ կարելի է մեկնաբանել իբրեւ Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի ներքին քաղաքականութեան միջամտելու փորձ։ Ահա թէ ի՛նչ ըսաւ Փութին. «Կան բազմաթիւ քաղաքական ուժեր, որոնք ռուսամէտ դիրքորոշում ունին… Մենք շատ կը փափաքէինք, որ այս բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները, քաղաքական գործիչները կարենային մասնակցիլ այս ներքաղաքական աշխատանքին (Հայաստանի մէջ)՝ ընտրութիւններու ընթացքին։ Ոմանք, գիտեմ, կը գտնուին բանտերու մէջ, հակառակ այն հանգամանքին, որ ունին Ռուսիոյ անձնագիր։ Ատիկա ձեր որոշումն է, մենք չենք միջամտեր, բայց կը փափաքէինք, որ անոնք, առնուազն, կարենային մասնակցիլ այս ներքաղաքական գործընթացին»։
Ասիկա Փաշինեանին առիթով տուաւ ըսելու Փութինին, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը կ’արգիլէ այն թեկնածուներուն, որոնք չունին բացառապէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն, Հայաստանի մէջ առաջադրուիլ բարձր պաշտօններու համար։
Շռայլօրէն գովաբանելով Փութինը՝ Փաշինեանը, հաւանաբար, կը փորձէր համոզել զայն, որ ինք բացառապէս Արեւմուտքի ճամբարին մէջ չէ, այդպիսով փորձելով նուազեցնել Ռուսիոյ զայրոյթը իրեն նկատմամբ՝ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, եւ նուազագոյնի հասցնել անոր աջակցութիւնը ընդդիմութեան։
Չեմ գիտեր՝ Փաշինեան յաջողեցա՞ւ հասնիլ այդ նպատակին, թէ՞ ոչ, սակայն Հայաստան վերադառնալէ ետք ան յայտարարեց լրատուամիջոցներուն, որ Փութինի հետ հանդիպումը «շատ յաջող» էր։ Այնուամենայնիւ, չենք գիտեր, թէ ան եւ Փութինը ի՛նչ քննարկած են փակ դռներու ետին՝ աշխատանքային նախաճաշի ընթացքին։ Յամենայնդէպս, խորամանկութիւնը միայն որոշ չափով կրնայ քաղաքական գործիչը յառաջ տանիլ, սակայն անիկա երբեք չի կրնար լրացնել անկարողութիւնը…