Փաշինեան–Փութին հեռախօսազրոյց․ քննարկուած են երկկողմ համագործակցութեան առանցքային ուղղութիւնները
- (0)

Նիկոլ Փաշինյանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլադիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած է հեռախօսազրոյց մը, որուն ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմ օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր։
Ըստ Հայաստանի վարչապետի գրսենեակի մամուլի ծառայութեան՝ զրուցակիցները համաձայնած են քննարկումները շարունակել յառաջիկայ հարմար առիթով՝ հանդիպման ձեւաչափով։
Իր հերթին, Քրեմլինի մամուլի ծառայութիւնը տեղեկացուցած է, որ հեռախօսազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է համագործակցութեան տարբեր ոլորտներու, մասնաւորաբար՝ առեւտրատնտեսական, ուժանիւթային եւ փոխադրութեան հարցերու վերաբերեալ։
Ռուսական կողմը նաեւ նշած է, թէ քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման տարբեր ուղղիները, ընդգծելով վերոյիշեալ ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման կարեւորութիւնը։