Փաշինեան շուտով կրնայ ինքզինք հռչակել նոր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան օրէ օր աւելի մեծ վնաս կը հասցնէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ​եւ Հայաստանի հեղինակութեան ամբողջ աշխարհին մէջ` իբրեւ առաջին քրիստոնեայ ազգ: Անոր գործողութիւնները կոպտօրէն կը խախտեն Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը:

Առանց որեւէ իրաւասութեան, Փաշինեան նախորդ շաբաթ Դիմատետրի իր էջին մէջ ներկայացուց «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցու նորոգման ճանապարհային քարտէզը»: Ան յայտարարեց, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին «հեռացումից յետոյ» ապագայ տեղապահի «հիմնական խնդիրը» պիտի ըլլայ «կազմակերպել Հայաստանում Առաքելական եկեղեցու նոր Կանոնագրքի ընդունման գործընթացը»:

Փաշինեան նոյնիսկ մանրամասն քայլեր ներկայացուց իր առաջարկած «Եկեղեցական նոր Կանոնագիրք»-ին.

– Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ հոգեւորականի բարեվարքութեան կանոններ եւ անոնց ապահովման երաշխիքներ,

–  Եկեղեցւոյ ֆինանսական թափանցիկութիւն եւ անոր ապահովման երաշխիքներ,

–  Եկեղեցւոյ ապաքաղաքական ըլլալու անհրաժեշտութիւն եւ անոր ապահովման երաշխիքներ,

–  Եկեղեցւոյ գործունէութեան համապատասխանութիւն Հայաստանի Հարկային օրէնսդրութեան եւ անոր ապահովման երաշխիքներ: Պետական պիւտճէ վճարուած հարկերը եւ տուրքերը ամբողջութեամբ պիտի վերադարձուին Եկեղեցւոյ…

– Հոգեւորականները կ՛օգտուին կառավարութեան կենսաթոշակային ֆոնտէն եւ առողջութեան ապահովագրութենէն:

– Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ընտրութիւններ` համաձայն նոր Կանոնագիրքին: 

Եկեղեցւոյ գործերուն իր միջամտութիւնը համալրելու համար Փաշինեան առաջարկեց, որ  կառավարութիւնը՝ «տեղապահի միջնորդութեան դէպքում, խորհրդատուական աջակցութիւն կը ցուցաբերի Կանոնագրքի նախագծի մշակման աշխատանքներին»:  

Նախորդ շաբաթ Պերլին կատարած իր այցելութեան ընթացքին Փաշինեան նուաստացուց Հայ առաքելական եկեղեցին եւ կաթողիկոսը` Գերմանիոյ արտաքին յարաբերութիւններու հեղինակաւոր ընկերակցութեան դիմաց: Ներքին հայկական վէճերը միջազգային լսարանին առջեւ ներկայացնելը լուրջ սխալ է եւ կը հակասէ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն:

Փաշինեան Գերմանիոյ մէջ արծարծեց Եկեղեցւոյ վերաբերող քանի մը անտեղի հարցեր.

1. Ան մեղադրեց ոչ միայն կաթողիկոսը, այլ ընդհանրապէս հոգեւորականները՝ նշելով, որ անոնք «դառնում են աւելի խոցելի արտաքին ազդեցութեան նկատմամբ եւ նրանք, կը ներէք, որ այսպէս եմ ձեւակերպում, կարող են գործիք դառնալ արտաքին ազդեցութեան համար»: Վարչապետը այս լուրջ մեղադրանքը ուղղեց տարբեր հոգեւորականներու, որոնց կարգին կաթողիկոսին հասցէին: Փաշինեան նոյնիսկ նախորդ շաբաթ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ըսաւ, որ կաթողիկոսը կ՛ենթարկուի «արտաքին յատուկ ծառայութեան աւագ լեյտենանտին» եւ «ամէնօրեայ դրութեամբ զեկուցում է օտարերկրեայ յատուկ ծառայութեան լեյտենանտներին»: Սակայն արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանը հակասեց իր ղեկավարին` ըսելով, որ ինք նման տեղեկութիւն չունի: Փաշինեանի անհիմն պնդումը կը շրջանցէ հոգեւորականներու բարոյական վարքագիծի հարցը: Օտար գործակալ ըլլալը լուրջ խախտում է Հայաստանի օրէնսդրութեան: Եթէ Փաշինեան որեւէ ապացոյց ունի, ան պարտաւոր է զանոնք դատարան ներկայացնել` առ ի հետապնդում: Առանց ոեւէ ապացոյցի նման մեղադրանք ուղղելը  զրպարտութիւն է, որուն համար կաթողիկոսը պէտք է դատ բանայ Փաշինեանի դէմ:

2) Փաշինեան գերմանական լսարանին ըսաւ. «Ոչ ոք չգիտի, թէ մեր եկեղեցին ինչպէս է ֆինանսաւորւում, ինչքան գումար է մուտք գործում, ինչպէս է այն ծախսւում»: Նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը տեղեակ է հոգեւորականներուն անձնական կեանքի մասին, ապա ան անկասկած գիտէ այդ միջոցներուն չափերն ու աղբիւրները:

3) Փաշինեանը շարունակեց դատապարտել «հոգեւորականների որոշ առաջնորդների»` «ամօթալի շքեղութեան մէջ ապրելնուն համար, մինչդեռ որոշ սովորական եկեղեցականներ ապրում են աղքատութեան մէջ»: Նոյնիսկ եթէ ասիկա ճիշդ է, ատիկա վարչապետին կամ կառավարութեան գործը չէ: Այսպիսով Փաշինեան անգամ մը եւս կը խախտէ Եկեղեցին պետութենէն բաժնող սահմանադրական դրոյթը:

4) Փաշինեան խօսեցաւ Եկեղեցին բարեփոխելու անհրաժեշտութեան մասին, հակառակ անոր որ ան իրաւունք չունի միջամտելու Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն: Եկեղեցին ունի իր սեփական սահմանուած ընթացակարգերը նման հարցեր լուծելու համար: Վարչապետին հիմնական պարտականութիւնը կառավարութեան ղեկավարումն է. ան չունի լիազօրութիւններ կամ մանդատ Եկեղեցին բարեփոխելու համար: Իբրեւ Եկեղեցւոյ անդամ` ան կրնայ արտայայտել իր անձնական կարծիքը, բայց ան շատ աւելի հեռու գնաց: Ան նախաձեռնեց արշաւի մը՝ կաթողիկոսը հեռացնելու համար, առաջարկեց եկեղեցական որոշակի բարեփոխումներ, զրպարտեց հոգեւորականները եւ բանտարկեց քանի մը բարձրաստիճան հոգեւորականներ:

Նախորդ շաբաթ Փաշինեան Դիմատետրի իր էջին մէջ կատարեց տարօրինակ այլ առաջարկ մը. ան փափաք յայտնեց, որ եկեղեցական երգչախումբերը Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը մեկնաբանեն՝ «բոլոր եկեղեցիներում, ժամը 10:55-ին, պատարագից անմիջապէս առաջ»: Սակայն «բոլոր եկեղեցիներ» ըսելով յստակ չէ՝ արդեօք ան նաեւ նկատի ունի՞ Հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիները: Ատկէ բացի, ան չէ նշած, թէ արդեօք առաջարկը Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող Հայ առաքելական եկեղեցիներո՞ւն ալ կը վերաբերի: Կարելի է պատկերացնել Թուրքիոյ կառավարութեան թշնամական արձագանգը, եթէ Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներու երգչախումբերը երգեն ոչ թէ Թուրքիոյ, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը:

Եթէ Փաշինեան ինքզինք այդքան ազգայնական եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատարիմ հետեւորդ կը նկատէ, ապա ինչո՞ւ իր շաբաթական կառավարական նիստերը չի սկսիր  Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով եւ աղօթքով: Ինչո՞ւ անոր խորհրդարանական մեծամասնութիւնը իւրաքանչիւր նիստ չի սկսիր քայլերգով եւ աղօթքով: Ուստի կ՛առաջարկեմ, որ Փաշինեան նախ իր կառավարութեան մէջ կատարէ այդ փոփոխութիւնները` նախքան Եկեղեցւոյ հրահանգներ տալը:

Յաջորդող տեսանիւթին մէջ, զոր  Փաշինեան հրապարակեց  Դիմատետրի իր էջով, ան առաջարկեց` «քննարկել եկեղեցիների մուտքի մօտ կամ ներսում Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դրօշի տեղադրման հարցը»: Փաշինեան կ՛ուզէ ոչ միայն փոխել կաթողիկոսը, այլ նաեւ ճշդել, թէ ի՛նչ պէտք է երգէ երգչախումբը, եւ ի՛նչ դրօշակ պէտք է տեղադրուի եկեղեցւոյ մէջ: Ասիկա լիովին անհիմն միջամտութիւն է Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն: Փաշինեան պէտք է կեդրոնանայ իր իսկական աշխատանքին` կառավարութեան ղեկավարման վրայ, որուն մէջ դժբախտաբար ձախողած է։

Վարչապետ Փաշինեան, որ նոյնիսկ շունի մը տնակը չի կրնար կառավարել, շուտով կրնայ ինքզինք հռչակել յաջորդ Ամենայն Հայոց  կաթողիկոսը:

Յարութ Սասունեան