Փաշինեան Հայաստանը Վերածած Է Ոստիկանապետութեան
349
0
Յարութ Սասունեան
Հայաստանի կառավարութիւնը երկու տարբերակ ունէր՝ վարչակարգի դէմ ժողովրդական ընդվզումը խաղաղ ճամբով լուծելու համար.
1) Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կրնար հրաժարական տալ՝ իշխանութեան ղեկը յանձնելով համախոհական կառավարութեան, որ վեց ամսուան ընթացքին խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կ՛իրականացնէր եւ կ՛ընտրէր նոր վարչապետ․
2) Փաշինեան կրնար ընդունիլ ընդդիմութեան նոր առաջնորդ՝ Արքեպիսկոպոս Բագրատ Գալստանեանի առաջարկը, հանդիպում ունենալ հետը եւ քննարկել քաղաքական ներկայ ճգնաժամին բանակցային լուծումը:
2) Փաշինեան կրնար ընդունիլ ընդդիմութեան նոր առաջնորդ՝ Արքեպիսկոպոս Բագրատ Գալստանեանի առաջարկը, հանդիպում ունենալ հետը եւ քննարկել քաղաքական ներկայ ճգնաժամին բանակցային լուծումը:
Ցաւօք, Փաշինեան ընտրեց վերոնշեալ տարբերակներէն եւ ոչ մէկը: Ան նախընտրեց յարձակիլ ընդդիմութեան վրայ՝ իր «լաւ կերակրուած» ոստիկաններով՝ ծեծելով եւ ձերբակալելով մեծաթիւ ցուցարարներ, ներառեալ լրագրողներ եւ նոյնիսկ հոգեւորականներ, որոնցմէ ոմանք կը գտնուին հիւանդանոց՝ ապաքինելու համար ոստիկանութեան պատճառած վէրքերէն: Վարչապետը ապահոված է ոստիկաններու կոյր հաւատարմութիւնը՝ քանի մը անգամ բարձրացնելով անոնց ամսականը եւ մնայուն պարգեւավճարներ տալով: Կ՛ըսեն՝ Հայաստանի քաղաքներու փողոցներուն մէջ աւելի շատ ոստիկաններ կան, քան երկրին սահմանները պաշտպանող զինուորներ։
Ասիկա զարմանալի չէ, քանի որ Փաշինեան, իբրեւ ապաշնորհ եւ անփորձ ղեկավար, ձախողցուցած է գրեթէ իւրաքանչիւր որոշում, որ կայացուցած է վերջին վեց տարիներու ընթացքին: Ան յամառօրէն կառչած է իր իշխանական աթոռին՝ մահացու հարուած հասցնելով երկրի գոյատեւման:
Նախ իր իշխանութեան գալը «թաւշեայ յեղափոխութիւն» անուանելէն ետք, Փաշինեան արագ անցաւ՝ իր բնորոշմամբ «պողպատէ յեղափոխութեան»։ Անհաւատալի է, որ 2021ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, ան նախընտրական քարոզարշաւ կազմակերպեց մուրճը ձեռքին՝ խոստանալով ջարդել իր ներքին հակառակորդներուն գլուխները։ Ան նաեւ սպառնաց զանոնք «ծեփել պատերուն եւ փռել ասֆալթին»։ Աւելին, Փաշինեան կը պարծենար, որ ոչ մէկ դատաւոր կը համարձակի չկատարել իր հրամանները։ Թէեւ վարչապետը կը պնդէ, որ ինք ժողովրդավար է, սակայն անոր պահուածքը շատ աւելի նման է բռնապետի։ Փաշինեան իշխանութեան եկաւ 2018ին՝ փակելով Երեւանի փողոցները, հրամայելով իր հետեւորդներուն փակել խորհրդարանի եւ դատարաններու մուտքերը, ջարդելով ձայնասփիւռի կեդրոնին դռները եւ խախտելով բազմաթիւ այլ օրէնքներ։ Սակայն, երբ այժմ ընդդիմութիւնը խաղաղ կը քալէ փողոցներուն մէջ կամ նոյնիսկ մայթերու վրայ, մնայուն ներկայութիւն եղող ոստիկանները դաժանօրէն կը յարձակին անոնց վրայ, կը ծեծեն եւ կը ձերբակալեն։
Զարմանալի չէ, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ղեկավարները մտահոգութիւն յայտնած են Փաշինեանի՝ իշխանութեան ղեկին վրայ մնալու մասին: Որոշ ատրպէյճանցի եւ թուրք վերլուծաբաններ նոյնիսկ առաջարկած են իրենց երկիրներուն՝ զինեալ ուժեր ղրկել Հայաստան՝ Փաշինեանը պաշտպանելու համար, որպէսզի ան շարունակէ զիջումներ ընել:
Ուրիշ ցուցանիշ մը, որ Փաշինեան կ՛աշխատի Հայաստանի շահերուն դէմ՝ այն աջակցութիւնն է, որ ան կը ստանայ Արեւմուտքէն, քանի որ կ՛ընէ, ինչ որ իրեն կ՛ըսեն, ինչ որ կը բխի անոնց շահերէն, սակայն՝ կը հակասեն Հայաստանի ազգային շահերուն:
Արեւմտեան երկիրները միայն կը խօսին մարդկային իրաւունքներու մասին, բայց սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանեն աշխարհի նոյնիսկ ամէնէն բռնապետական վարչակարգերուն հետ։ Ահա թէ ինչո՛ւ արեւմտեան որեւէ պետութիւն ո՛չ մէկ քննադատական խօսք ըսած է՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն վրայ Փաշինեանի ոստիկանութեան դաժան յարձակումներուն ընթացքին։
Արեւմտեան երկիրները միայն կը խօսին մարդկային իրաւունքներու մասին, բայց սերտ յարաբերութիւններ կը պահպանեն աշխարհի նոյնիսկ ամէնէն բռնապետական վարչակարգերուն հետ։ Ահա թէ ինչո՛ւ արեւմտեան որեւէ պետութիւն ո՛չ մէկ քննադատական խօսք ըսած է՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն վրայ Փաշինեանի ոստիկանութեան դաժան յարձակումներուն ընթացքին։
Բարեբախտաբար, միջազգային եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ դատապարտած են Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւունքներու բացակայութիւնը եւ քննադատած՝ ոստիկանութեան դաժանութիւնը։
Մայիս 28-ին, հանրային հինգ մեծ կազմակերպութիւններ հանդէս եկան միացեալ յայտարարութեամբ՝ ընդդէմ ցուցարարներու «զանգուածային ձերբակալման», «որոշ մասնակիցներու նկատմամբ բռնութեան» եւ Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւորի հանդէպ ֆիզիքական բռնութեան, որ ինքնին Հայաստանի օրէնսդրութեան խախտում է։ Հինգ կազմակերպութիւններն են՝ Հելսինքեան քաղաքացիական խորհուրդի Վանաձորի գրասենեակը, Թրէնսփէրընսի Ինթերնեշընըլ Հակակաշառակերութեան կեդրոնը, Իրաւունքներու Պաշտպանութիւն Առանց սահմաններու ՀԿ-ն, Իրաւունքի Զարգացման եւ Պաշտպանութեան հիմնադրամը եւ Ժողովրդավարութեան Զարգացման հիմնադրամը։
Միացեալ յայտարարութեան մէջ անոնք ափսոսանք յայտնած են, որ հայ իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները «կը շարունակեն հակաօրինական եւ ոչ համաչափ ուժի կիրարկման դէպքերը, ապօրինի բերման ենթարկելու եւ ազատութեան իրաւունքի խախտումները, հաւաքներու ազատութեան իրաւունքի իրականացման ընթացքին։ Ոստիկանութեան կողմէ այսպիսի մեթոտներու կիրարկումը հետեւանքն է երկարամեայ համակարգի ներսը գոյութիւն ունեցող անպատժելիութեան քաղաքականութեան, որուն պատճառով բռնի ուժի կիրարկումը դարձած է ոստիկանութեան հիմնական գործիքը»։
Միացեալ յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ քաղաքացիները ունին խաղաղ հաւաքներու ազատութիւն եւ իրենց կարծիքը ազատ արտայայտելու իրաւունք՝ «առանց ոստիկանական բռնութեան վախի»։
«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը հանդէս եկած է առանձին յայտարարութեամբ՝ կոչ ընելով «դադրեցնել ոստիկանութեան դիտաւորեալ բռնութիւնները լրագրողներու հանդէպ»: Առնուազն հինգ լրագրող թիրախաւորուած է ոստիկանութեան կողմէ։
Միացեալ Նահանգներու Freedom House-ը նոյնպէս յայտարարութիւն տարածած է, որուն հիմամբ կ՛ըսուի. «Մենք մտահոգուած ենք Հայաստանի մէջ ոստիկանութեան բռնութիւններու մասին ահազանգերու թիւի աւելացմամբ։ Կոչ կ՛ընենք Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ հետաքննել չափէն աւելի ուժի եւ անմարդկային վերաբերումի այս վարքագիծը եւ աշխատիլ քաղաքացիական հանրութեան հետ՝ խթանելու եւ իրականացնելու համար էական բարեփոխումներ»:
Ամէնէն ամօթալի պահուածքը Փաշինեանի հրամանն էր՝ խոչընդոտելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիր՝ Մայիս 28-ին, Հայաստանի անկախութեան օրը։ Աւելի վատթարացնելով իրավիճակը, վարչապետը ստեց՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ խոչընդոտած են Կաթողիկոսին եւ անոր ուղեկցող հոգեւորականներուն՝ ծաղկեպսակ դնել յուշահամալիրի մէջ, որ հանրային վայր է:
Բոլոր ոստիկաններն ու պետական պաշտօնեաները պէտք է գիտակցին, որ Փաշինեանի հեռանալէն ետք, անոնք պատասխանատուութիւն պիտի կրեն իրենց անօրինական եւ հակահայկական գործողութիւններուն համար։
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Comments are closed.