Փաշինեան կը յայտարարէ ՀԱՊԿ-ի նկատմամբ Հայաստանի շահերուն սպառումը՝ ԵՄ անդամակցութեան դիմումը հնարաւոր նկատելով 2027-ին կամ 2028-ին

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան նոյեմբեր 5-ին յայտարարեց, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նկատմամբ Հայաստանի շահերը վերջնականապէս սպառած են։ Յայտարարութիւնը կը զուգադիպի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղղութեամբ Երեւանի նոր քաղաքական ազդանշաններուն։

Կառավարութեան նիստին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին Փաշինեան անդրադարձաւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին այն յայտարարութեան, թէ կազմակերպութեան կանոնադրութեան 25-րդ յօդուածին հիման վրայ Հայաստան կրնայ զրկուիլ քուէարկութեան եւ որոշ պաշտօններու համար թեկնածուներ առաջադրելու իրաւունքներէն։

Պատասխանելով համապատասխան հարցումին՝ ան շեշտեց, որ ՀԱՊԿ-ի հետ կապուած Հայաստանի շահերը սպառած են։

Հայաստան 2024-էն ի վեր սառեցուցած է իր մասնակցութիւնը ռուսական ղեկավարութեամբ գործող ռազմաքաղաքական դաշինքին՝ պատճառաբանելով, որ կազմակերպութիւնը չէ կատարած Հայաստանի ապահովութեան նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները։

ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թաալաթբեկ Մասատիքով չէ բացառած, որ Հայաստանի անդամակցութեան հարցը քննարկուի կազմակերպութեան նոյեմբեր 11-ի՝ Մոսկուայի մէջ նախատեսուած գագաթնաժողովին ընթացքին։ Սակայն այդ ուղղութեամբ վերջնական որոշում տակաւին չէ կայացուած։

Միաժամանակ, նոյեմբեր 3-ին Պրիւքսէլի մէջ, Euronews-ի կազմակերպած ԵՄ ընդլայնման գագաթնաժողովին ընթացքին, Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի կողմէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պաշտօնական դիմումի ներկայացումը կրնայ իրատեսական ըլլալ 2027-ին կամ 2028-ին։

Ան ընդունեց, որ Հայաստան չի կրնար միաժամանակ անդամակցիլ Եւրոպական Միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ)։ Անոր համաձայն՝ վերջնական ընտրութիւնը պէտք է կատարեն Հայաստանի քաղաքացիները, երբ ստեղծուի իրական քաղաքական այլընտրանք։

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան այս զարգացումները նոր հարցադրումներ կը յառաջացնեն երկրի ապահովութեան եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն ապագային շուրջ։ Ընդդիմադիր շրջանակներ բազմիցս ընդգծած են, որ արտաքին քաղաքական վերադասաւորումները պէտք է ուղեկցուին ապահովութեան յստակ երաշխիքներով, ազգային շահերու պահպանմամբ եւ իրական տնտեսական հետեւանքներու գնահատումով։

Հայաստանի իշխանութիւնները, իրենց կարգին, եւրոպական ուղղութիւնը կը ներկայացնեն իբրեւ երկրի քաղաքական եւ տնտեսական հնարաւորութիւնները ընդլայնելու միջոց։