Փաշինեան կը յայտարարէ «Արարատցեմենտ»-ի պետականացման մասին, Ծառուկեան կը պատասխանէ՝ «Չեն կրնար զիս վախցնել»

ԵՐԵՒԱՆ – Նիկոլ Փաշինեան այսօր Լոռիի մէջ ընթացող քարոզարշաւին ընթացքին յայտարարեց, թէ «Արարատցեմենտ» գործարանը շուտով պիտի անցնի Հայաստանի Հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ՝ պնդելով, որ գործարանի սեփականաշնորհման գործընթացին մէջ բացայայտած է Գագիկ Ծառուկեանի մասնակցութիւնը։

Փաշինեան յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը արդէն իսկ դատախազութենէն գրութիւն ստացած է, ըստ որուն գործարանը ենթակայ է պետականացման, եւ աւելցուց, որ ինչպէս ՀԷՑ-ի պարագային, «Արարատցեմենտ»-ի մէջ եւս ժամանակաւոր կառավարիչ պիտի նշանակուի։

Ան նաեւ կոչ ուղղեց գործարանի աշխատակիցներուն՝ այլեւս Գագիկ Ծառուկեանի կամ Կարապետ Գուլոյեանի հրահանգները չկատարելու, պնդելով, թէ անոնց գործատուն այսուհետեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։

Ի պատասխան Փաշինեանի յայտարարութիւններուն՝ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան Սիւնիքի մէջ ընթացող քարոզարշաւին ընթացքին յայտարարեց, թէ «նման քայլերով չեն կրնար զիս վախցնել»։ Ան շեշտեց, թէ «Արարատցեմենտ»-ը օրինական կերպով սեփականաշնորհուած է շուրջ 20 տարի առաջ, հարկերը ամբողջութեամբ վճարուած են, իսկ գործարանը զարգացած է տարիներու ընթացքին։

«Իմ հայրենիքը իմ ունեցուածքով չեմ փոխեր», ըսաւ Ծառուկեան՝ դիտել տալով, թէ իշխանութիւններու քայլերը քաղաքական շարժառիթներ ունին եւ կը վկայեն այն մասին, որ «անոնք կը զգան, թէ իրենց վերջը հասած է»։