Փաշինեան եւ Ալիեւ Տապլինի մէջ քննարկեցին խաղաղութեան գործընթացն ու TRIPP-ի ծրագիրը
- (0)

ՏԱՊԼԻՆ.- Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նոյեմբեր 12-ին, Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ, հանդիպում ունեցան Եւրոպական քաղաքական համայնքի 9-րդ գագաթաժողովի ծիրին մէջ։
Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան գործընթացը, սահմանազատման աշխատանքները, տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ փոխադրական հաղորդակցութիւններու վերաբացման առնչուող հարցեր։
Կողմերը անդրադարձան նաեւ TRIPP («Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման») ծրագրի իրականացման ընթացքին՝ մասնաւորաբար երկաթուղային եւ ճանապարհային ենթակառոյցներու նախագծման աշխատանքներուն։
Հաղորդագրութեան համաձայն, անցեալ տարուան նոյեմբերէն ի վեր Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան փոխադրուած է շուրջ 105 հազար թոն բեռ։ Քննարկուեցան նաեւ երկու երկիրներու ելեկտրական ցանցերու ապագայ փոխկապակցման եւ սահմանային գետերու ջրային պաշարներու կառավարման հարցերը։
Հանդիպման նոյն օրը Հայաստանի Ազգային ժողովը, ընդդիմադիր խմբակցութիւններու բացակայութեամբ, վերջնական ընթերցումով ընդունեց TRIPP-ի իրականացման համար նախատեսուած ընկերութեան ստեղծման առնչուող օրէնսդրական փոփոխութիւնները։
Հակառակ խաղաղութեան գործընթացին շուրջ հրապարակուած դրական գնահատականներուն, Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման եւ բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքին վերաբերող հարցերը տեղ չգտան հանդիպման պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ։
Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը յաջորդեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ Փաշինեանի Անթալիոյ մէջ ունեցած բանակցութիւններուն։