Փաշինեան Դժուարացաւ Պատասխանել Հարցումին, Թէ՝ Ատրպէյճան «Թրամփի Ճամբայ»ով Զէնք Պիտի Փոխադրէ՞

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 18 Սեպտեմբերին չհերքեց, ո՛չ ալ հաստատեց, որ Ատրպէյճան «Թրամփի ճամբայ» անունը ստացած Սիւնիքի ճամբու գործարկումէն ետք պիտի կարենայ զէնք ու զօրք անցընել Ատրպէյճանի հիմնական մասէն դէպի Նախիջեւան: Նոյն ատեն ան շեշտեց, որ ընդհանուր առմամբ, ճամբաներու գործարկման մանրամասնութիւնները տակաւին համաձայնեցուած չեն, բայց ան դարձեալ վստահեցուց, թէ որեւէ լուծում պիտի ըլլայ փոխադարձութեան սկզբունքով, կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը: 

«Եթէ մի պայման գործում է Հայաստանի դէպքում, այդ պայմանը գործում է նաեւ Ադրբեջանի դէպքում: Մենք մեզ պիտի հարց տանք՝ մենք ուզո՞ւմ ենք, որ մեր զէնքը եւ զօրքն անցնի Նախիջեւանով, այսինքն՝ մենք ուզո՞ւմ ենք, թէ՞ չենք ուզում, որովհետեւ մեր իրականութեան մէջ ընդհանրապէս կայ այդ պրոբլեմը (հարցը), որ մենք անընդհատ խօսում ենք ուրիշների մասին, չենք խօսում մեր մասին: Երբ մենք կ՛որոշենք, որ մենք ուզում ենք, որ մենք Նախիջեւանի տարածքով դէպի Մեղրի եւ հակառակ ուղղութեամբ զէնք տանենք, նման թեմայով բանակցութիւններ կը բացենք: Եթէ մենք որոշենք, որ չենք ուզում, որ Նախիջեւանի տարածքով դէպի Սիւնիք տանենք երկաթուղիով եւ յետ բերենք, ուրեմն կ՛որդեգրենք համապատասխան բանաձեւ եւ այդպէս շարունակ», ըսաւ Փաշինեան:

Ուաշինկթընի մէջ ընդունուած հռչակագիրով Ատրպէյճան Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան անխոչընդոտ հաղորդակցութիւն կը ստանայ, Հայաստանի պարագային՝ «անխոչընդոտ» ձեւակերպումը կը բացակայի, փոխարէնը նշուած է՝ Հայաստան եւս կը ստանայ միջազգային ու ներպետական հաղորդակցութիւն՝ փոխադարձ առաւելութիւններով:

Այդ համաձայնութիւններէն ետք լրագրողներ Սիւնիքի ճամբով ատրպէյճանցիներու անցնելու վերաբերեալ զանազան հարցումներ ուղղած են Փաշինեանին, սակայն ան ոչ մէկ անգամ փակագիծերը բացաւ, այլ միայն հաւաստիացուց, որ պիտի պահպանուին Հայաստանի առանցքային հինգ սկզբունքները՝ գերիշխանութիւն, տարածքային ամբողջականութիւն, իրաւազօրութիւն, փոխադարձութիւն եւ սահմաններու անխախտելիութիւն:

Փաշինեանի հաւաստիացումները ընդդիմադիրները չեն համոզեր: Թէ՛ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, թէ՛ արտախորհրդարանական զանազան գործիչներ կը պնդեն, որ Ուաշինկթընի մէջ Փաշինեան բաւարարած է Պաքուի պահանջը՝ տրամադրելով անխոչընդոտ ճամբայ մը, որուն միջոցով ատրպէյճանցիները պիտի անցնին առանց ստուգումներու: 

Փաշինեան 18 Սեպտեմբերին պնդեց, թէ չի կրնար ըլլալ գերիշխանութիւն, առանց սահմանապահի, իսկ թէ կրնա՞յ ըլլալ իրաւազօրութիւն առանց ստուգումներու, այս հարցը ան անպատասխան ձգեց:

Ան նաեւ շեշտեց, որ հաղորդակցութեան ապաշրջափակման պատճառով պիտի վերականգնին Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ երկաթուղային կապերը: Ըստ անոր՝ ասիկա մեծապէս պիտի բարձրացնէ տնտեսական համագործակցութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի, Իրանի, բայց նաեւ Ատրպէյճանի տարանցիկ ներուժը: Փաշինեան աւելցուց, որ երկաթուղիի պարագային անկարելի է, որ Հայաստանի եւ Իրանի տարանցիկ կարելիութիւնը աւելնայ, իսկ Նախիջեւանինը՝ ո՛չ:

Փաշինեան նաեւ վստահեցուց, որ «Հիւսիս-հարաւ» մայրուղին կը կառուցուի բաւական լաւ կշռոյթով: «Մենք Իրանի հետ պայմանաւորուել ենք խորացնել տնտեսական համագործակցութիւնն ու գործընկերութիւնը», յայտնեց ան, որ նաեւ անդրադարձաւ  Արարատ լերան պատկերը Հայաստան մուտքի եւ ելքի սահմանային կնիքէն հանելու որոշումին՝ ըսելով.  «Մենք դա անում ենք Հայաստանի պետականութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու անվտանգութիւնն ամրապնդելու համար, մենք դա անում ենք Հայաստանը միջազգայնօրէն պատասխանատու գործընկեր դարձնելու նպատակով», ըսաւ Փաշինեան:

Ան փորձեց համոզել, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւններուն մէջ այդպիսի հարցեր չեն քննարկուած եւ չեն կրնան քննարկուիլ: Ըստ Փաշինեանի՝ կնիքին հարցը բարձրացուած է ամիսներ առաջ, երբ որեւէ համաձայնութիւն չէր եղած Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ ներկայացուցիչին՝ Հայաստան այցելութեան վերաբերեալ: Փաշինեան աւելցուց, որ ապահովութեան ռազմավարութեան տեսանկիւնէն՝ օրինականութեան գործօնը առանցքային է:

«Մենք ինքներս պէտք է ճանաչենք եւ ճանաչում ենք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու իրաւասութիւնը միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքների եւ սահմանների շրջանակում: Մենք դա անում ենք, քանի որ ցանկանում ենք ապահովել մեր պետութեան երկարակեցութիւնը, իսկ դրա համար պէտք է պետութիւնը մտցնենք ճիշդ այէրօդինամիկայի (օդաուժականութեան) մէջ: Մենք ուզում ենք, որ Հայաստանը լինի միջազգայնօրէն պատասխանատու գործընկեր եւ ապրի միջազգայնօրէն ճանաչուած նորմերով: Հայաստանը առաջնորդւում է այս տրամաբանութեամբ եւ լեգիտիմութեան (օրինականութեան) ռազմավարութեամբ», ընդգծեց Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ այս նամականիշը գոյութիւն չէ ունեցած մինչեւ 2004։ «Իսկ ի՞նչ էր նշանակում այդ կնիքի յայտնուելը: Ո՞րն է այդ կնիքի բացակայութեան, ապա դրա յայտնուելու ենթատեքստն ու քաղաքական նշանակութիւնը: Ի՞նչ խնդիր էին ձգտում լուծել այն պաշտօնեաները, ովքեր ընդունել էին այդ որոշումը: Մի գուցէ լուծում էին լեգիտիմութեան հարցը: Լեգիտիմութիւնը, այդ թւում՝ ներքաղաքական, շատ կարեւոր է: Երբ դու ընտրուած չես Սահմանադրութեան տիրոջ կողմից, պէտք է լեգիտիմութեան աղբիւր գտնես՝ ինչ-որ տեղ լեռան լուսանկար կպցնես, ընկալումը տարածես Հայաստանի սահմաններից դուրս, որպէսզի ներսում քօղարկես ոչ լեգիտիմ իշխանութեան փաստը: Ապագայում մանրամասն կ’անդրադառնամ դրան: Եթէ մենք ուզում ենք որեւէ բան ցոյց տալ կնիքով, ապա դա պէտք է կապուած լինի Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանաչուած տարածքի հետ: Այս պահին նման անհրաժեշտութիւն ես չեմ տեսնում», եզրափակեց Փաշինեան: