Փաշինեան դեկտեմբեր 3-ին Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Փութինի հետ
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Նիկոլ Փաշինեան նոյեմբեր 19-ին յայտարարեց, որ դեկտեմբեր 3-ին աշխատանքային այցելութիւն պիտի կատարէ Մոսկուա, ուր նախնական համաձայնութիւն գոյացած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպում ունենալու շուրջ։
Փաշինեան նշեց, որ երկու երկիրներու ղեկավարները պիտի քննարկեն փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր՝ առանց մանրամասնելու հանդիպման օրակարգը։
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ դեկտեմբեր 11-12-ին կրկին Ռուսիա պիտի այցելէ՝ մասնակցելու Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին։ Դեկտեմբերի վերջաւորութեան եւս նախատեսուած է անոր մասնակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան ղեկավարներու հանդիպումներուն։
Նախատեսուած բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ շարունակուող լարուածութեան պայմաններուն մէջ։
Հայաստանի իշխանութիւններուն Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման քաղաքականութիւնը, ռուսական շուկային մէջ հայկական ապրանքներու նկատմամբ կիրարկուող սահմանափակումները եւ ուժանիւթի մատակարարման շուրջ մտահոգութիւնները նոր բարդութիւններ յառաջացուցած են երկու երկիրներուն միջեւ։
Մոսկուա բազմիցս արտայայտած է իր դժգոհութիւնը Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղութեան փոփոխութենէն, մինչ Երեւան կը փորձէ ընդլայնել իր միջազգային գործընկերութիւնները՝ պահպանելով Ռուսիոյ հետ տնտեսական կարեւոր կապերը։
Հայաստանի համար բանակցութիւններու կարեւոր հարցերէն պիտի մնան ուժանիւթային անվտանգութիւնը, տնտեսական կախուածութեան հետեւանքները եւ տարածաշրջանային զարգացումները։