Փաշինեան․ Հայաստանը պատրաստ է ուղի տրամադրել Թուրքիայէն Ատրպէյճան բեռնատարներու համար

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է ուղի տրամադրել Թուրքիայէն Ատրպէյճան եւ հակառակ ուղղութեամբ ուղեւորուող բեռնատարներու համար։ Այս մասին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Լեհաստանի Միջազգային Յարաբերութիւններու Հիմնարկին մէջ ունեցած հարցուպատասխանի ընթացքին։

Ան հաստատած է, որ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքները ամբողջովին պատրաստ են, եւ հայկական կողմը որեւէ խոչընդոտ չունի տուեալ հարցին մէջ։ «Մենք նոյնիսկ այսօր պատրաստ ենք ուղի տրամադրել Թուրքիայէն Ազրպէյճան եւ Ազրպէյճանէն Թուրքիա ուղեւորուող բեռնատարներու համար․ կը սպասենք Թուրքիոյ որոշումին»,– նշած է ան։

Փաշինեան ընդգծած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկայ է դրական երկխօսութիւն, եւ վերջին տարիներուն տեղի ունեցած են պարբերական հանդիպումներ ու խորհրդակցութիւններ, թէեւ ցամաքային սահմանը տակաւին փակ կը մնայ։ Ան վերահաստատած է, որ Երեւանը կը յուսայ մօտ ապագային տեսնել երկու երկիրներուն միջեւ պաշտօնական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում եւ սահմանի բացում։

Յիշեցնենք, որ Երեւանն ու Անգարան 2021 թուականի դեկտեմբերին համատեղ յայտարարութեամբ ազդարարած էին յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի մեկնարկը։ 2022-ին Վիեննայի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններով նախատեսուած էր սահմանը բանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար եւ սկսիլ բեռներու ուղիղ օդային փոխադրութիւններ։ Սակայն մինչ այժմ այդ քայլերը ամբողջովին գործնական փուլ չեն անցած։

2025 թուականի սեպտեմբերին Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ այցելած էր Հայաստան։ ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած էր, որ քննարկուած են 2022 թուականի յուլիսի 1-ի պայմանաւորուածութիւններու իրագործման քայլերը եւ արձանագրուած է գործընթացը արագացնելու պատրաստակամութիւն։

Փաշինեանի վերջին յայտարարութիւնը կը վկայէ, որ հակառակ բազմաթիւ քաղաքական, անվտանգային եւ մարդասիրական խնդիրներու անլոյծ կարգավիճակին, հայկական կողմը կը շարունակէ յառաջ մղել ապաշրջափակման եւ «խաղաղութեան» իր օրակարգը՝ այս անգամ գնդակը Թուրքիոյ դաշտին մէջ համարելով։