Փաշինեան․ Հայաստանը նպատակ չունի վնասելու Ռուսաստանի շահերուն

Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Հայաստանը նպատակ չունի վնասելու Ռուսաստանի շահերուն եւ չի ձգտիր յարաբերութիւնները վատացնել Մոսկուայի հետ։ Այս մասին ան նշած է լրագրողներու հետ ունեցած ճեպազրոյցին ընթացքին՝ անդրադառնալով նաեւ երկրի արտաքին քաղաքական ուղղութեան վերաբերող հարցումներուն։

Փաշինեան ընդգծած է, որ ինք երբեւէ չէ յայտարարած, թէ Հայաստանը կը շարժի դէպի Արեւմուտք։

Փաշինեան անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանին՝ նշելով, որ այս պահուն այն Հայաստանի արտաքին քաղաքական տեսադաշտը սահմանափակող գործօն չէ։ «Մենք տակաւին ճամբու այն կէտին չենք հասած, որ ռուսական ռազմակայանը մեր տեսադաշտը փակէ։ Երբ տեսնենք, որ այդպէս է, այն ատեն պիտի մտածենք՝ ինչպէս շարժիլ, որպէսզի տեսադաշտի խնդիր չունենանք»,– նշած է ան։

Յիշեցնենք, որ 2025 թուականի դեկտեմբեր 2-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորհուրդի վեցերորդ նիստին արդիւնքով ստորագրուած է Հայաստան–Եւրոպական Միութիւն ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգը։ Փաստաթուղթը ստորագրած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու ԵՄ արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալասը։