Փաշինեանի յայտարարութիւնները Սփիւռքի վեհաժողովին՝ Սխալ Գաղափարներ՝ Սխալ Ժամանակի Եւ Սխալ Վայրի Մէջ
Յարութ Սասունեան
Կ՛ուզեմ մեկնաբանել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ցնցիչ յայտարարութիւնները, զորս ան կատարեց 18 սեպտեմբեր 2024-ին Երեւանի մէջ կայացած Համաշխարհային հայկական երկրորդ վեհաժողովին։
Փաշինեան մէկուկէս ժամ պատասխանեց հաղորդավարին հարցումներուն՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ համախմբուած հարիւրաւոր սփիւռքահայերու առջեւ:
Նախքան Փաշինեանի պատասխաններու էութեան մէջ խորանալը` նշեմ, թէ անոր հիմնական հարցը այն է, որ յաճախ կ՛ըսէ այն, ինչ որ միտքը կու գայ տուեալ պահուն, առանց երկար մտածելու։
18 սեպտեմբեր 2024-ին մեծաթիւ սփիւռքահայերու ներկայութեան Փաշինեան գործեց երեք մեծ սխալներ.
1) շատ սխալ բաներ ըսաւ,
2) զանոնք ըսաւ ոչ ճիշդ մարդոց (սփիւռքահայերուն), եւ
3) ընտրեց ամէնէն անպատշաճ ժամանակը` Հայաստանի վերանկախութեան տօնէն քանի մը օր առաջ` անարգելու իր, ինչպէս նաեւ համայն հայութեան հայրենասիրութիւնը:
Ներկայացնեմ քանի մը հատուած՝ հայրենասիրութեան մասին Փաշինեանի ցնցիչ մատնանշումներէն. «Ես ձեզի կ՛ըսեմ այն, ինչ որ կ՛ըսեմ իմ ընտանիքիս։ Մեր մեծագոյն հարցը եղած է մեր հայրենասիրութիւնը: Ընդ որում, ըսածիս մէջ հեգնանք չկայ, այպանում չկայ: Մեր ունեցած մեծագոյն հարցը եղած է մեր հայրենասիրութիւնը, իմ ունեցած մեծագոյն հարցս եղած է իմ հայրենասիրութիւնս` այն հասկացողութեամբ, որ հայրենասիրութեան այդ մոտելը մեր հայրենիքին հետ կապ չունի: Ատիկա ուղղակի հայրենասիրութեան կայսերական մոտել է, որ գիրքերով, ժապաւէններով, գրութիւններով, ելոյթներով, հերոսներով, կերպարներով, անուններով, նկարներով ներմուծուած է մեր ընկերային հոգեբանութեան մէջ»:
Փաշինեան անտրամաբանականօրէն ունկնդիրներուն ըսաւ, որ «հայրենասիրութեան այս մոտելին հիմնական ձգտումն է բացառել գոյութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան՝ իբրեւ անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան… Բայց հայրենասիրութեան այս մոտելը այնպիսին է, որ մենք հայրենիք չունենանք, այլ միայն զայն տեսականօրէն սիրենք, տեսական Հայաստան ունենանք ու սիրենք, զայն պատէն կախենք, կենացներու ատեն յիշենք, կարկանդակներուն վրայ տեղադրենք, սակայն գետնի վրայ չունենանք: Ասիկա պատահեցաւ մեզի վերջին քանի մը հարիւրամեակներուն»:
Անկէ ետք Փաշինեան մեղադրեց հայերն ու «ուրիշներ»: «Ես շատ կը խօսիմ զօրանոցի մասին: Ես կը հասկնամ, որ շատեր կը կարծեն, թէ ես նկատի ունիմ, որ ուրիշներ մեզ վերածած են զօրանոցի: Ո՛չ, մենք մեզ զօրանոց դարձուցած ենք: Մենք Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերածած ենք զօրանոցի՝ հաւատալով, որ ասիկա ոչ թէ երկիր մըն է, որ պէտք է ապահովէ իր քաղաքացիներուն բարեկեցութիւնը, այլ անիկա խարիսխ մըն է, որուն միջոցով մենք պէտք է հասնինք այլ նպատակներու… Ուրիշները տեսած են, որ շատ պարարտ հող կայ, եւ ցանած են սերմեր՝ ստանալու համար այն պտուղները, որոնք իրենց անհրաժեշտ են… Մեր անձնական բարօրութեան համար մենք պէտք է ճանչնանք մեր հայրենասիրութեան կործանիչ կողմը: Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն պիտի ծառայէր, որ ես հայրենասէր չըլլայի: Ասիկա մեծագոյն վնասն է, զոր ես հասցուցած եմ, այն սէրը, զոր ես տածած եմ իմ երկրիս եւ իմ ժողովուրդիս նկատմամբ… Այնուամենայնիւ, հիմնական հարցը այն է, որ ո՛չ ես, ո՛չ ալ դուք այդ սիրոյ ստեղծիչներն էք: Ասիկա կայսերական սէր է` կայսրութեան կողմէ կազմաւորուած, մեր մէջ ներհոսուած», ըսաւ Փաշինեան:
Այնուհետեւ Փաշինեանը Հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու հայ ժողովուրդին ջանքերը սխալ կերպով վերագրեց Խորհրդային Միութեան ձեռնավարութիւններուն` «արտօնելով» Խորհրդային Հայաստանին՝ յիշատակել Հայոց ցեղասպանութիւնը, որպէսզի հակահարուած տայ Թուրքիոյ եւ ՕԹԱՆ-ին: Ան սխալ կերպով պնդեց, որ Խորհրդային Միութիւնը արտօնեց Ցեղասպանութեան յուշարձանի կառուցումը Երեւանի մէջ այն ժամանակ, երբ Խորհրդային Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները հիւլէական պատերազմի շեմին էին: Այսպիսով, ան անարգեց Հայոց ցեղասպանութիւնը` ամօթալի կերպով զայն բնութագրելով իբրեւ խորհրդային քարոզչութեան գործիք:
Փաշինեանի ըսածներուն մեծ մասը սխալ էր, անարգալից եւ հակահայկական: Փաշինեան այս յայտարարութիւնները ըրաւ հարիւրաւոր հայրենասէր հայերու դիմաց, որոնք աշխարհի չորս կողմերէն եկած էին Երեւան` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու հայրենիքին, սակայն անոնք միայն լսեցին, որ հայրենասիրութիւնը «կործանարար» է եւ օտարներէն ոգեշնչուած գաղափար: Անոր խօսքերը նաեւ անպատշաճ ժամանակ հնչեցին՝ Հայաստանի վերանկախութեան 33-րդ տարեդարձէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ: Ասիկա Փաշինեանի վարչակարգին միտումնաւոր քաղաքականութիւնն է` պառակտում սերմանել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ ու Հայաստանի բնակչութիւնը բաժնել նախկին եւ ներկայ ղեկավարներու կողմնակիցներու:
Նոյն հարցազրոյցին ընթացքին Փաշինեան սխալ մը եւս գործեց եւ չափազանց անտեղի նկատողութիւն կատարեց` քննադատելով եւ մերժելով սփիւռքի կողմէ ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը` աշխարհի տարբեր ծագերէն համախմբուած հարիւրաւոր հայերու դիմաց:
Ան ըսաւ. «Ես շատ կ՛ուզեմ, որ Հայաստան դադարի կարեկցանքի առարկայ ըլլալէ, դուրս գայ այդ կարգավիճակէն: Ես, անշուշտ, չեմ գիտեր, միշտ չէ, որ իմ յանձնարարութիւններս ճշգրիտ կերպով կը գործադրուին, օրինակ, ես արգիլած եմ, չեմ գիտեր, թէ ատիկա որքա՛նով կը կատարուի, որ Հայաստանի մէջ անոնք (սփիւռքը), ըսենք, գործածուած հագուստներ ուղարկեն, գործածուած ինքնաշարժներ, կիսամաշ անիւներ, կիսամաշ կօշիկ՝ պետական հիմնարկներուն համար, չեմ գիտեր, որբանոցներուն համար: Կը ներէք, բայց Հայաստանի կառավարութիւնը ի վիճակի է իր պատասխանատուութեան տակ գտնուող հիմնարկներուն համար նուազագոյնը ապահովել: Այլ խօսքով, կայ այն մօտեցումը, որ կիսամաշ առարկաներ կ՛ուղարկեն Հայաստան, անկէ ետք ալ ամիսներով կը ծանուցեն այդ մասին, չեմ գիտեր։ Ուղարկուած են մեծաթիւ դեղեր, որոնց ժամկէտը մէկ շաբաթէն կ՛աւարտի: Ես ուրախ չեմ այս եղածով, պայքարի մէջ եմ Հայաստանի Հանրապետութեան այս ընկալման դէմ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան պետութիւն է, որ ունի բարդութիւններ (դժուարութիւններ): Բայց, ներողութիւն, ո՞ր պետութիւնը բարդութիւններ չունի»։
Սփիւռքի կողմէ Հայաստան ուղարկուած օգնութեան մասին Փաշինեանի նուաստացուցիչ արտայայտութիւնները խորապէս վիրաւորական են: Ան պէտք չէ խօսի այնպիսի բաներու մասին, որոնց վերաբերեալ ոչինչ գիտէ: Ես նախագահն եմ «Հայաստան-Արցախ» հիմնադրամին, որ նախորդ 35 տարիներուն Հայաստան ուղարկած է աւելի քան մէկ միլիառ տոլարի օգնութիւն, հիմնականին մէջ` դեղորայք: Մենք ճշգրտութեամբ կը հետեւինք Հայաստանի բոլոր օրէնքներուն եւ գործընթացներուն: Ոչ ոք կրնայ Հայաստան ուղարկել դեղեր, որոնց ժամկէտը մէկ շաբաթէն կ՛աւարտի։ Նուիրատուները նախօրօք պէտք է առողջապահութեան նախարարութենէն ձեռք բերեն ներածման արտօնագիր, որ կը պահանջէ, որ բոլոր դեղերը ունենան առնուազն մէկ տարուան պիտանելիութեան ժամկէտ: Հակառակ պարագային անոնք կը գրաւուին ու կը փճացուին մաքսային ծառայողներուն կողմէ։
Սփիւռքի օգնութիւնը քննադատելու փոխարէն՝ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է հրապարակէ ցանկը այն առաջնահերթ ապրանքներուն, որոնք անհրաժեշտ են բնակչութեան համար, եւ քաջալերէ հաւանական նուիրատուները՝ ուղարկելու այդ ապրանքները: Փաշինեան կը վերաբերի այնպէս, կարծէք վարչապետն է հարուստ երկրի մը, որուն բնակչութիւնը ոչինչի կարիք ունի: Ցաւօք իրականութիւնը այդպէս չէ: Սփիւռքին կողմէ ուղարկուած օգնութիւնը թերագնահատելու փոխարէն՝ Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է իր երախտագիտութիւնը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն եւ խրախուսէ զանոնք աւելին ընելու։
Վարչապետին սխալ յայտարարութիւնները՝ հայրենասիրութեան եւ մարդասիրական օգնութեան մասին, ներկաներէն շատերը ցնցիչ վիճակի մէջ դրաւ: Փաշինեան կարծես չի գիտակցիր, որ իր խօսքերը հետեւանքներ ունին Հայաստանին եւ հայերուն վրայ: Ան այլեւս անպատասխանատու փողոցային ցուցարար չէ, որ կարենայ ըսել այն, ինչ որ միտքը գայ։
Comments are closed.