Փաշինեանը, ըստ էութեան, միջնորդ է Ալիեւի և հայ ժողովուրդի միջեւ. Արթուր Խաչատրեան
- (0)

Դեկտեմբեր 11-ին «Հրապարակ TV»-ի «Հինգշաբթի» հաղորդաշարին հիւրն էր ՀՅԴ անդամ, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին, Արցախի հարցին, ինչպէս նաեւ ՀՀ իշխանութիւններուն վարած ոչ հայանպաստ եւ պարտուողական արտաքին քաղաքականութեան։
Արթուր Խաչատրեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց նախորդ օրը Արցախի ներկայացուցչութեան մէջ կայացած՝ Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրուան նուիրուած լսումներուն եւ այնտեղ քննարկուած հարցերուն մասին։ Ան մասնաւորաբար շեշտեց Արցախի հաւաքական վերադարձի հարցին շուրջ արցախահայութեան եւ Արցախի գործող իշխանութիւններուն միակարծութիւնն ու վճռականութիւնը։
«Այդ ներկայացուցչական քննարկումը, որուն կը մասնակցէին Արցախի գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու ղեկավարները, ԱՀ եւ ՀՀ Ազգային ժողովներու պատգամաւորներ, քաղաքագէտներ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ յայտնի հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, եւս մէկ անգամ ցուց տուաւ, որ Արցախի հարցը վերջնականապէս փակուած չէ, եւ արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի իրաւունքի պաշտպանութիւնը կը շարունակէ մնալ այդ հարցի արծարծման ու միջազգայնացման կարեւորագոյն գործօնը»,– նշեց Արթուր Խաչատրեան։
Խօսելով Գերմանիոյ մէջ ՀՀ վարչապետին կատարած շարք մը յայտարարութիւններուն մասին՝ Արթուր Խաչատրեան անընդունելի համարեց Նիկոլ Փաշինեանի այն մօտեցումը, որով կը փորձուի հաւասարութեան նշան դնել արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի եւ Ազրպէյճանի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած «Արեւմտեան Ազրպէյճան» խօսոյթներուն միջեւ, ապա առաջարկել երկուստեք հրաժարում։ Ըստ պատգամաւորին՝ այս մօտեցումը միանշանակ կը բխի Ազրպէյճանի շահերէն։
«Երբ Ալիեւը կը խօսի ազրպէյճանցիներու՝ այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազրպէյճան» վերադարձին մասին, անոր պէտք է հակադրել Պաքուի, Սումկայիթի, Մինկեչաուրի, Գանձակի, Շահումեանի շրջանի եւ Նախիջեւանի հայերու վերադարձի հարցը»,– ըսաւ Արթուր Խաչատրեան։
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ ՀՀ իշխանութիւններուն սանձազերծած արշաւին, որուն մասին, ըստ պատգամաւորին, իշխանութիւններուն ներկայացուցած կերպով անձերու դէմ պայքար չէ, այլ նպատակ ունի արմատախիլ ընել Հայ եկեղեցին։
«Հայ առաքելական եկեղեցին, ի տարբերութիւն աշխարհի բազմաթիւ եկեղեցիներու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու, իր արմատներով ազգային է եւ կը հանդիսանայ մեր ազգի ինքնութեան եւ գենի ամենակարեւոր բաղադրիչը։ Այս իմաստով ան լուրջ խոչընդոտ մըն է Հայաստանի անկախութեան եւ պետականութեան հակառակորդներուն համար»,– ընդգծեց Արթուր Խաչատրեան։