Ցեղասպանութեան Նշումին Դիմաց

Չէ պատահած, որ չկայացած պետութեան եւ այսքան ձախողութիւններու դիմաց, իշխանութիւն մը ունենանք, որ թուրքի սպառնալիքներուն ու յաւելեալ հողային պահանջներուն դիմաց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ առեւտուրի եւ լաւ յարաբերութեան նշաններ տեսնէ, կամ ինչպէս Յովիկ Աղազարեանի նման չորքոտանի յիմար մը հեռատեսիլի հարցազրոյցէն կարծիք յայտնէ, թէ մեզի ի՞նչ շահ կայ, եթէ Թուրքիան Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունի…

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Բացարձակապէս, բառին ամբողջական իմաստով բացարձակապէս հայրենիքիս ապագային եւ մեր հաւաքական գոյատեւման հաշուոյն երբեք այսքան մտավախութեամբ չեմ դիմաւորած Ցեղասպանութեան յիշատակման օրը` ապրիլ 24-ը:

Չեմ կարծեր, որ վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին այսքան վտանգուած եղած են մեր երկրի սահմանները, այսքան թոյլ գտնուած ենք մեր դարաւոր թշնամիներուն դիմաց, այսքան կախեալ եղած ենք այլ պետութիւններէ, իսկ ներքին իմաստով ազգովին այսքան պառակտուած գտնուած ենք:

Եղեռնի յիսնամեակին տասնչորս տարեկան պատանի մըն էի, երբ Լիբանանի մէջ, որ այդ օրերուն սփիւռքի բաբախող սիրտն էր, հօրս հետ կը մասնակցէի նախագահ Շամունի անուան մարզադաշտին մէջ կայացող միացեալ ձեռնարկին, որ իր տարողութեամբ առաջինն էր եւ քաղաքական աւելի հասուն ու համայնական կեցուածքի մը դրսեւորումը կը դառնար: Նոյն տարին նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ իսկապէս տարբեր տարողութիւն կը ստանար Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը` հանդիսութիւններուն առնչուած տարբեր երեսներով:

Վաթսունամեակին, տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներու կողքին, Մուսա Լերան հերոսամարտի առաջնորդ Մովսէս Տէր Գալուստեանի հետ Պիքֆայայէն Անթիլիաս` յուշարձանէ յուշարձան պիտի քալէի: Այդ մեծ թուին խիտ ու յանձնառու ներկայութիւնը արդէն պահանջատիրական պայքարի երիտասարդացումը եւ նոր որակը կ՛ազդարարէր:

Տասնամեակ մը ետք արդէն կիտաւոր գործունէութեան, քաղաքական քարոզչութեամբ յատկանշուած, յեղափոխական աւանդութիւններու վերադարձն էր, որ կը պատռէր Ցեղասպանութեան եւ հայկական պահանջատիրութեան շուրջ հիւսուած լռութեան պատը:

Իսկ արցախեան հերոսամարտը, իր բազմաթիւ տարուբերումներով հանդերձ, նոր էջ կը բանար մեր պատմութեան մէջ, բազմաթիւ հողային կորուստներէ ետք, դառնալով ազատագրուած առաջին տարածքը` տարբեր ինքնավստահութիւն ու հաւատք պարգեւելով հայրենի թէ սփիւռքի հայութեան:

Հոսկէ կը սկսի նաեւ դէպքերուն ժխտական ընթացքը: Բոլորս կը սպասէինք անկախութեան վերադարձին, թերեւս նաեւ որոշ վիպապաշտ պատկերացում մը ունէինք անոր հանդէպ, որ արագօրէն պիտի ցնդէր: Հայաստանի առաջին նախագահին օրով մանրուքներով կը սեփականաշնորհուէր երկրի ճարտարարուեստական հարստութիւնն ու հողերուն մէկ կարեւոր մասը: Երկրորդ նախագահին օրով հանքային հարստութիւնը կը սկսէր չարաշահուիլ, երրորդ նախագահին օրով արտաքին պարտքը կը շարունակէր աճիլ եւ փտածութիւնը ահաւոր չափերու կը հասնէր: Զուգահեռաբար կը ստեղծուէր օլիկարգներու դասակարգ մը, որ իր մենաշնորհներով ու անխղճութեամբ երկրի մեծամասնութիւնը կը մատնէր ահաւոր աղքատութեան: Արտագաղթը կը հասնէր ահաւոր թիւերու, հաւանաբար` Ցեղասպանութեան թիւին, իսկ ժողովուրդին արդար ցասումով իշխանութեան հասած վարչապետը իր ապիկարութեամբ, ապիկար խումբով, քաղաքական սխալ հաշուարկներով կը կորսնցնէր Ղարաբաղի մէկ կարեւոր մասը եւ քայքայուած բանակով ու վտանգուած սահմաններով կացութեան մը դիմաց կը դնէ մեզ, իսկ իր բոլոր պարտութիւններուն հետ կը վերաբերի այնպէս` կարծես յաղթանակներ ըլլային:

Չէ պատահած, որ չկայացած պետութեան եւ այսքան ձախողութիւններու դիմաց, իշխանութիւն մը ունենանք, որ թուրքի սպառնալիքներուն ու յաւելեալ հողային պահանջներուն դիմաց Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ առեւտուրի եւ լաւ յարաբերութեան նշաններ տեսնէ, կամ ինչպէս Յովիկ Աղազարեանի նման չորքոտանի յիմար մը հեռատեսիլի հարցազրոյցէն կարծիք յայտնէ, թէ մեզի ի՞նչ շահ կայ, եթէ Թուրքիան Հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունի… կարծես անուղղակիօրէն նախագահ Պայտընի թելադրելով, որ չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, մեր աւելի քան հարիւրամեայ պայքարն ու զոհողութիւնները այս գծով:

Մօտիկ ապագային թերեւս ընտրութիւններ ունենանք, թերեւս կ՛ըսեմ, որովհետեւ ոչինչ յստակ է Հայաստանի մէջ, եւ ընդհանրապէս խօսքերն ու խոստումները անոնց գործադրութեան հետ կապ չունին. փտածութեան դէմ պայքար յայտարարած իշխանութիւնները ընդհանրապէս իրենք փտածութեան ներկայացուցիչները եղած են, իսկ ԽԾԲ-ի դէմ «պայքարող»-ները իրենք իրենց աներձագը, եղբօրորդին, բարեկամն ու քաւորը իշխանութեան լծակներուն հաստատած են: Իսկ ամէնէն ցաւալին` երկրի ապագային հետ կապուած բոլոր հիմնական որոշումները չես գիտեր` ո՞ւր կը սկսին մշակուիլ եւ առանց ժողովուրդի քուէարկութեան կ՛առնուին:

Եթէ վաղը իսկապէս ընտրութիւն կատարուի (ինչ որ չորս ամիս առաջ պէտք էր կատարուէր, որովհետեւ ոեւէ ինքզինք յարգող ղեկավար նման պարտութենէ ետք կը հրաժարէր), մեր դիմաց ընտրութիւնները երկուք են` պահել պարտուած եւ զիջումներու գացող վարչապետը, կամ ընտրել անոր դէմ միակ յաջողելու առիթ ունեցող Քոչարեանը, որուն շուրջ հասկնալի մտահոգութիւններ կը բարձրանան, մա՛նաւանդ` Լիսկայի նման անձերու շուքերը կը սկսի երեւիլ: Եթէ Քոչարեանը յաջողի, պիտի յուսանք, որ բան մը սորված պիտի ըլլայ անցեալի փորձառութիւններէն, աւելի առողջ խումբով մը վերադառնայ եւ աւելի տայ, քան ակնկալէ: Փաշինեանի պարագային, նման ապիկար ու ապազգային խումբով մը միմիայն յաւելեալ հողային կորուստներու կրնանք երթալ, որովհետեւ, առարկայական ըլլալու համար, նման պարտութիւն կրած ղեկավար մը, որ վստահութիւն չունի յաճախ իր իսկ նշանակած բանակի ղեկավարութեան վրայ եւ փոխադարձաբար անոնց վստահութիւնը չի վայելեր, չի կրնար հաստատ դիրքերէ բանակցիլ ազդեցիկ ու շահագրգիռ միւս կողմերուն հետ: Իսկ մեր պատմութենէն գիտենք, որ հողային կորուստը համարեա՛ անդառնալի է: Վարչակարգ մը կարելի է փոխել, իսկ թշնամիին ձեռքը անցած տարածքը գրեթէ անկարելի է վերադարձնել…

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.