ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ
- (0)

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին եւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 17 Օգոստոս 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին Սուրբ Խորանին սպասարկեցին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծայրագոյն Վարդապետ Շխրտմեան եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Օրհնութեան Գիրով գնահատանեց ու շնորհաւորեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեանը, իր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակին եւ եկեղեցւոյ ու ազգին իր անձնուէր ծառայութեան առիթով։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Օրհնութեան Գիրը ընթերցեց՝ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանը։
Իր քարոզին ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Սուրբ Աստուածածնի հնազանդութեան, հաւատարմութեան եւ Մայրութեան մասին։
«Աստուածորդին երկինքէն երկիր իջաւ մեր փրկութեան համար։ Մարմին առաւ եւ կատարելապէս ծնաւ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինէն։ Սուրբ Կոյս Մարիամ դարձաւ այն Ոսկեայ Սափորը, որուն ընդմէջէն յաւիտենական, մնայուն, հոգեւոր Մանանան բաշխուեցաւ ամբողջ մարդկութեան», ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։
Իր քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։ Ապա, գնահատեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ Հայր Սուրբին, Հոգեւոր Հովիւ Տէր Հօր, Հոգաբարձութեան անդամներուն, Սարկաւագաց Դասին, Դպրաց Դասի անդամներուն եւ Տիկնաց յանձնախումբին ծառայութիւնն ու նուիրուածութիւնը։
Ան նաեւ շնորհաւորեց բոլոր մայրերուն տօնը եւ յորդորեց, որ նմանին Աստուածամօր եւ հայցեն անոր բարեխօսութիւնը։
Սուրբ եւ Անմահ պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ Խաղողի, Մատաղի եւ Ջուրի Օրհնութիւն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ