Տոքթոր Վազգէն Տէր Գալուստեանի յիշատակին
Ստորեւ կը հրապարակենք ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի խօսքը, ընթերցուած տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին։
*
Աստ հանգչի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի կառոյցի վաստակաշատ կուսակցական ընկեր՝ Տոքթոր Վազգէն Տէր Գալուստեանը։ Իր համակ կեանքը ազգին նուիրած մեր ընկերը միացաւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած կուսակցական նուիրեալներու երկնային հոյլին։
Այնճարէն Պէյրութ եւ Գանատա, իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ան եղաւ անկոտրում հաւատքով եւ աներեր կամքով Հայ Դատի եւ հայութեան պահանջատիրութեան պաշտպանը։
Իր նկարագրով հեզ ու ազնուական, Դաշնակցութեան խոնարհ հերոսներու փաղանգին կը պատկանէր ընկեր տոքթոր Վազգէնը, որ անշահախնդրութեամբ եւ նուիրումով ծառայեց իր կուսակցութեան եւ ազգին։
վեհանձն ու ազնիւ դաշնակցականի իր գործունէութիւնը կը պարփակուէր կուսակցութեան հիմնադիրներէն Սիմոն Զաւարեանի հետեւեալ խօսքին մէջ. «Դաշնակցութեան ուժը անհատներու չէ կապուած, ան շունչ մըն է, որ պէտք է տեղաւորուի եւ ամրանայ իւրաքանչիւր ընկերոջ սրտին ու հոգիին մէջ, մինչեւ մահ: Մեր ժողովուրդի շունչն է այդ, որ տարածուելով պիտի իյնայ անոր հաւատացող հոգիներուն մէջ եւ արգասաւորէ մեր գործը»։
Նկարագրով վեհանձն ու համեստ, ներկայ էր հոն՝ ուր պարտականութիւնը կը կանչէր զինք եւ այդ ծիրէն ներս, երկար տարիներ խոր նուիրումով գործեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կազմէն ներս եւ նախագահեց Մուսա լերան հերոսամարտի յոբելենական յանձնախումբերուն:
Դաշնակցութեան առաքելութեան ու գաղափարախօսութեան աւանդապաշտ առաջամարտիկ որպէս՝ ինք անվհատօրէն մաքառեցաւ Հայութեան արդար դատին ի խնդիր։
Ճանապարհդ լուսաւոր ընկեր Վազգէն։
Comments are closed.