Տինքի Սպանութեան Համար Մեղաւոր Ճանչցուած Են Կիւլենական Շարժումի Անդամ Նախկին Ոստիկանապետներ
Պոլսոյ դատարանը ներկայացուցած է պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործին վերաբերեալ մանրամասն վճիռը` Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական ճանչցուած կիւլենական շարժումի ղեկավար Ֆեթուլլահ Կիւլենի հետեւորդները մեղադրելով սպանութեան կազմակերպման յանցանքով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ահվալ» օրաթերթը:
4532 էջնոց վճիռին համաձայն, Պոլսոյ 14-րդ դատարանը Հրանդ Տինքի սպանութիւնը վերագրած է Կիւլենի «Հիզմեթ» շարժումին` մասնաւորաբար ոստիկանութեան նախկին բարձրաստիճան սպաներ Ֆարուք Սարըին, Ռամազան Աքիւրեքին եւ Ալի Ֆուաթ Եըլմազերին: Վերջին երկուքը կը մեղադրուին սպանութիւնը մշակելու եւ շարժման շահերը յառաջ մղելու նպատակով որեւէ հետաքննութեան խոչընդոտելու համար:
Վճիռին համաձայն, Եըլմազեր կապի մէջ եղած է Պոլսոյ կիսազինուորական հետախուզութեան նախկին հրամանատար Մուհարրեմ Տեմիրքալէի հետ, որուն ենթակաները հետեւած են Հրանդ Տինքին մինչեւ իր սպանութեան օրը` 19 յունուար 2007:
Յիշեցնենք, որ Կիւլենական շարժման անդամները կը մեղադրուին յուլիս 2016-ին նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ ձախողած յեղաշրջում կատարելու յանցանքով: