«Տէր ենք մեր հայրենիքին». հանրահաւաք եւ երթ Երեւանի մէջ

Մայիս 28-ին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանին յարակից հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ «Տէր ենք մեր հայրենիքին» խորագրով պետականութեան վերականգնման 105-ամեակին նուիրուած միջոցառում մը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց՝ պայքարելու են՝ թոյլ չտալու համար, որ օրուայ իշխանութիւնը երկիրը յանձնի թշնամուն։ «Հայաստանի իշխանութեան ղեկին յայտնված խմբակը չի արտայայտում հայ ժողովրդի կամքը։ Յանձնուելու օրակարգը մեր ժողովրդի օրակարգը չէ, հետեւաբար, հայ ժողովուրդը պայքարելու է իր հայրենիքի համար, եւ ցանկացած փաստաթուղթ, որն ընդունուելու է այս իշխանութիւնների կողմից, որով Ացախը լինելու է Ատրպէյճանի կազմում, առ ոչինչ է, լեգիտիմութիւն չունի, եւ մեր ժողովուրդը դա չի ընդունելու», ըսաւ ան։
Միջոցառման ելոյթներով հանդէս եկան մանկավարժ Աստղիկ Աբրահամեան, ՀՅԴ Հայասատանի Գերագոյն մարմնի անդամ Տարօն Տոնոյեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
«Մայիս 28-ով կերտուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք հայոց հրաշափառ յարութիւնն էր: Մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն յաղթանակն է Մայիս 28-ն, որով ապահովուեցաւ մեր ժողովուրդի գոյատեւումը եւ աշխարհի քարտէսին վերադարձած իր անկախ հայրենիքի մեջ ապրելու եւ զարգանալու հնարաւորութիւնը». ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
«Օրհասական այդ օրերուն հայ ժողովուրդը կարողացաւ զարթնեցնել իր մէջ այն ուժականութիւնը, որ խիզախ եւ ներշնչող հայրենակերտ ղեկավարներու առաջնորդութեամբ, հայութիւնը վերածեց երկաթեայ բռունցքի», ընդգծեց ան:
Հանրահաւաքի աւարտին միջոցառման մասնակիցները երթով ուղղուեցան դէպի «Նեմեսիս» յուշարձան, ուր օրուան խորհուրդին եւ «նեմեսիս» գործողութեան արժեւորման խօսք փոխանցեց հայ մամուլի գործիչ Վաչէ Բրուտեան:

Comments are closed.