Տէր Գարեգին վարդապետ Շխրտմեան արժանացաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի

Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2024-ին, հրամանաւ եւ Օրհնութեամբ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ Ձեռամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ, Թորոնթօ, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Ծայրագոյն Վարդապետութեան տասը Աստիճաններ շնորհուեցաւ՝ Հոգշ. Տէր Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանին։

Գաւազանի տուչութեան խարտաւիլակութիւնը կատարեց՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Կրօնական ժողովի Ատենապետ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան։ Աղօթակից էր նաեւ՝ Արժանապատիւ Տ. Մովսէս Քահանայ Շաննաքեան, Լոս Անճելըսէն։

Արարողութեան ընթացքին, Հայր Գարեգին ծնրադիր հրաժարեցաւ եւ նզովեց բոլոր աղանդաւորական եւ սխալ քարոզութիւնները, խոստացաւ դաւանիլ ու աշակերտիլ ուղիղ վարդապետութեան:

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց իր պատգամը, վեր առնելով մեր եկեղեցւոյ նուիրապետական իւրաքանչիւր աստիճանի իմաստն ու ծառայական ընթացքը:

Ապա շնորհաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետն ու Միաբանութիւնը ինչպէս նաեւ Թեմիս Կրօնական ժողովը, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ընտանիքը, մաղթելով յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Comments are closed.