Տեղի ունեցաւ«Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Զմիւռնիայում (1922)» գիրքի շնորհահանդէսը
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ Թեհմինէ Մարտոյեանի` «Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Զմիւռնիայում (1922)» վերնագրով մենագրութեան շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Զմիւռնիոյ մէջ 1922 թուականին քեմալական Թուրքիոյ իրականացուցած աղէտը վերապրածներու ժառանգները:
Ցուցահանդէսին սկիզբը ներկայ գտնուող հիւրերը ողջունեց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեանը` նշելով, որ Ցեղասպանութեան թեմային առնչուող գիրքերու շնորհահանդէսները, ընդհանրապէս, թանգարան-հիմնարկի գործունէութեան ամէնէն կարեւոր ուղղութիւններէն են:
«Այսօր այդ գործունէութեան գիտական արգասիքներէն մէկուն ցուցադրութիւնն է: Բոլորս գիտենք, որ թանգարան-հիմնարկը երկու կարեւորագոյն ուղղութիւն ունի` գիտացուցադրական եւ գիտական, որ կ՛ենթադրէ, թէ մենք կը զբաղինք նաեւ մեր գիտական հետազօտութիւններու տպագրութիւններով, որոնք իրենց արտացոլացումը կը գտնեն գիտական յօդուածներու եւ գիրքերու տեսքով», նշեց Գզոյեան` չափազանց կարեւոր նկատելով գիտական գործունէութիւնը, որովհետեւ այս կ՛օգնէ նաեւ խօսքը հասցնել աշխարհի տարբեր ծայրեր ու Հայոց ցեղասպանութեան հետ կապուած ուսումնասիրութիւնները հասանելի դարձնել աշխարհի գիտնականներուն:
Էդիտա Գզոյեանի խօսքով, Թեհմինէ Մարտոյեանի գիրքը, որ վերնագրուած է` «Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Զմիւռնիայում», կարեւոր կը նկատուի նաեւ այն հանգամանքով, որ ոչ միայն գիտական գործունէութեան արգասիք է, այլեւ գիտական համագործակցութեան արդիւնք` Երեւանի պետական համալսարանի հետ, որ եւս մէկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Գիրքի խմբագիր Աշոտ Հայրունի ողջունելով շնորհահանդէսի մասնակիցները` ըսաւ, որ Զմիւռնիոյ ինչպէս 1916 թուականի, այնպէս ալ 1922 թուականներու իրադարձութիւններու լուսաբանումը ոչ միայն գիտական նշանակութիւն ունի, այլեւ ընթերցողին կ՛օգնէ ամրապնդել պատմագիտութեան, ցեղասպանագիտութեան մէջ երկար ժամանակ քննարկման առարկայ դարձած, շատ մը պարագաներու մէջ նաեւ շահարկուած տեսակէտներու վերաբերեալ հիմնաւորուած հետեւողական պարզաբանումները:
«Այն, ինչ տեղի ունեցաւ Զմիւռնիոյ մէջ 1922 թուականին, փաստեց, որ քեմալական վարչակարգը նոյնութեամբ կը շարունակէ հայերու դէմ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը: Եթէ Քեմալը 1920 թուականի սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յարձակելէ ետք հայերու կոտորածները կրնար փորձել քողարկել ռազմական անվերահսկելի իրադրութիւններով, պայմաններով եւ այլն, ապա այս պարագային տեղի ունեցաւ հայերու եւ յոյներու դէմ իրականացուած կոտորած մը, երբ ռազմական որեւէ շարժառիթ չկար: Այսինքն այս յաջորդափոխութիւնը` ցեղասպանութեան վարչակարգէ վարչակարգ առանց որեւէ փոփոխութեան, կ՛ապացուցէ առաջին հերթին Զմիւռնիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններով, որոնց վերաբերեալ մենք գիտական ամբողջական լուսաբանութիւն մինչեւ վերջերս, ցաւօք, չունէինք: Բարեբախտաբար մենք այսօր հաւաքուած ենք` շնորհաւորելու մեզ, շնորհաւորելու այս արժէքաւոր գիրքին հեղինակը` Թեմինէ Մարտոյեանը», ընդգծեց Աշոտ Հայրունի` շեշտելով, որ Մարտոյեանի աշխատութիւնը շատ կարեւոր է պատմագիտութեան եւ ցեղասպանագիտութեան մէջ տեղ գտած այդ բացը լրացնելու տեսանկիւնէ:
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու փաստագրման եւ ուսումնասիրութեան բաժինի աւագ գիտական աշխատող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու, «Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Զմիւռնիայում (1922)» գիրքի հեղինակ Թեհմինէ Մարտոյեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ ողջունեց ցուցահանդէսին ներկայ գտնուող Զմիւռնիոյ հայ համայնքի շարաւիղները եւ միւս մասնակիցները` մանրամասնելով, որ գիրքին հրատարակութիւնը եւ թեմային ընտրութիւնը պատահական չեն եղած:
«Ընդհանրապէս կեանքի մէջ ոչինչ պատահական չ՛ըլլար. իրանագիտութենէ անցում ցեղասպանագիտութեան տեղի ունեցաւ ընդամէնը 1 դիպուածի պատճառով կամ շնորհիւ: Շատեր ինծի կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ, ի՞նչ կապ ունիմ, արդեօք արմատներս այս հաւատաւոր քաղաքէն` Զմիւռնիայէ՞ն են: Անկեղծ ըսած, 10 եւ աւելի տարիներու ընթացքին ուսումնասիրութիւններս տակաւին չեն աւարտած, եւ տակաւին չեմ կրնար ըսել, թէ ի՛նչ կապ ունիմ այս նիւթին հետ, բայց կրնամ ըսել, թէ ինչպէ՛ս եղաւ այդ կապը: Տակաւին 2010 թուականին առաջին անգամ կը գտնուէի Յունաստան, Աթէնք, եւ կը զբաղէի Իրանի պատմութեան հարցերով, շատ պատահականօրէն Աթէնքի մթերային խանութներէն մէկուն մէջ տեսայ գիրքեր, բնականաբար զիս հետաքրքրեց այդ անկիւնը, եւ մօտեցայ, ուսումնասիրեցի գիրքերը եւ տեսայ գիրք մը, որ յոյն հեղինակի մը կը պատկանէր: Առաջին հերթին զիս գրաւեց գիրքին վերնագիրը` «Ազնիւը»: Գիրքը յունարէնով էր, բայց անմիջապէս մտածեցի, որ ամենայն հաւանականութեամբ, անիկա կապ ունի նաեւ մեր ժողովուրդին ու պատմութեան հետ եւ շատ արագ թերթելով` կարդացի բովանդակութիւնը եւ հասկացայ, որ Ազնիւը Հայոց ցեղասպանութենէն ականատես վերապրող մըն է, որ կը պատմէ իր յուշապատումը եւ այդ պահուն, առաջին բանը, որ եկաւ միտքս, անմիջապէս վերադառնալ Հայաստան եւ այցելել Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ: Այդպէս ալ ըրի, եւ այստեղ ալ ամէն բան սկսաւ», հաղորդեց գիրքի հեղինակ Թեհմինէ Մարտոյեան:
Հեղինակին խօսքով, Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը կազմող դրուագ է նաեւ Զմիւռնիոյ հայերու եւ յոյներու պատմութիւնը:
Ան նաեւ աւելցուց, որ գիրքի շնորհահանդէսին օրը պատահական չէ ընտրուած. «Այսօր դեկտեմբեր 24 է, եւ ընդհանրապէս դեկտեմբերը` իբրեւ այդպիսին, պատահական ամիս չէ Զմիւռնիոյ հայ հաւատաւոր համայնքին ու քաղաքի պատմութեան մէջ: Զմիւռնիացի եպիսկոպոս Նիկողայոս Հայրապետը կամ Նիկողայոս Զմիւռնիացին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ կը յիշատակուի դեկտեմբերին: Զմիւռնիոյ մէջ յայտնի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, որ հայերուն համար կարեւոր վայր էր, որովհետեւ Զմիւռնիոյ հայ համայնքը տարբերող էր եւ հաւատաւոր ու մինչեւ վերջ ալ մնաց այդ հաւատքին մէջ: Դեկտեմբեր 24-ը Հայ առաքելական եկեղեցին նաեւ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի յիշատակութեան օր յայտարարած է, եւ ես հասկացայ, որ շատ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ այս օրը ընտրուեցաւ նաեւ իբրեւ շնորհահանդէսի օր», նշեց Թեհմինէ Մարտոյեան:
Անոր դիտարկմամբ, գիրքի լոյս ընծայման առաջարկը առաջին անգամ ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, Երեւանի պետական համալսարանի նախկին նախագահ, Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի նախկին տնօրէն Արամ Սիմոնեանէն:
«Ընդհանրապէս այս նիւթին եւ այս համայնքին ներկայացուցիչներուն հետ շփումը շատ բան սորվեցուց, այսինքն այս աշխատանքը, կարելի է ըսել, սորվեցնելու եւ ստանալու հետաքրքրական գործընթաց մըն էր, եւ Զմիւռնիան շատ բան տուաւ ինծի` իբրեւ մարդու, իբրեւ անհատականութիւն: Ամէնէն կարեւորը, որ կ՛ուզեմ շեշտել, թէ՛ այս նիւթին ուսումնասիրութիւնը առաջին հերթին զօրացուց հաւատքս առ Աստուած, որովհետեւ այս համայնքին պատմութիւնը շատ հետաքրքրական թելերով կապուած է մեր ժողովուրդի բնաջնջման եւ հայութեան գաղափարին հետ», իր խօսքին մէջ նշեց գիրքի հեղինակ Թեհմինէ Մարտոյեան` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք զանազան ձեւերով աջակցութիւն ցուցաբերեցին գիրքի ստեղծման եւ հրատարակման համար:
Ողջոյնի խօսքերէն ետք ցուցադրուեցաւ Զմիւռնիոյ հայ համայնքի ժառանգներու պատմութիւնները եւ անոնց հետ կատարուած հարցազրոյցները ներկայացնող ժապաւէնը:
Comments are closed.