Տաւուշի Առաքելոց Վանական Համալիրը Եւրոպայի 14 Ամէնէն Վտանգուած Ժառանգութեան Ցանկին Մէջ
- (0)

Տաւուշի մարզի Առաքելոց միջնադարեան վանական համալիրը եւ բնակատեղին ընդգրկուած են Europa Nostra-ի Եւրոպայի 14 ամէնէն վտանգուած ժառանգութեան վայրերու կարճ ցանկին մէջ: Առաքելոց վանական համալիրն ու բնակատեղին «Եօթը ամէնէն վտանգուած» ժառանգութեան վայրերու ծրագրին մէջ առաջադրած է Աւստրիոյ Զալցպուրկի համալսարանի Քրիստոնեայ արեւելքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի հայագիտութեան բաժինի դոկտոր Եասմին Տում-Թրակութը:
Առաջադրման կ՛աջակցին` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը, Աճարկուտի համայնքապետարանը, «Կապոյտ վահան Հայաստան»-ը եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկը: Տեղանքի պահպանութեան, հետազօտութեան ու կայուն զարգացման ուղղութեամբ խորհրդատուական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Կրեմսի շարունակական կրթութեան համալսարանը (Աւստրիա): Ծրագիրը կ՛ենթադրէ` Առաքելոց վանական համալիրի ու բնակատեղիի ամբողջական հետազօտութիւն, տարածքի բարեկարգում ու պահպանութիւն, ինչպէս նաեւ կայուն զբօսաշրջութեան զարգացում` մասնակցութեամբ տեղական շահառուներու, ներառեալ`7 ակադեմական հաստատութիւններու ու հասարակական կազմակերպութիւններու:
Ծրագրին մաս կազմող կրթական նախաձեռնութիւնները եւ զբօսաշրջային արահետներու բարեկարգումը կը նպատակադրեն շաղկապել տեղի բնակչութիւնն ու միջնադարեան այս գանձերը` հպարտութեան ու գնահատանքի զգացում ձեւաւորելով տարածաշրջանի մշակութային ինքնութեան նկատմամբ: