Տաւուշի Ազատամուտ համայնքին մէջ յաղթած է ՀՅԴ-ի թեկնածուն
1637
0
Տաւուշի մարզի Ազատամուտ համայնքին մէջ քուէաթերթիկներուն նախնական հաշուարկը աւարտած է։ Քուէարկութեան նախնական արդիւնքներով յաղթած է միակ թեկնածուն՝ համայնքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, ՀՅԴ-ի Վահագն Ալավերտեան։ Անոր կողմ է քուէարկած է 1046 ընտրող, իսկ դէմ՝ 36։
Համայնքին մէջ առաջադրուած էին երկու թեկնածուներ, երկրորդ թեկնածուն՝ Սեւադա Բալասեանը, ընտրութիւններէն առաջ ինքնաբացարկ յայտնած էր: Ազատամուտը ընդգրուած է աճող համայնքներու ցանկին մէջ, եւ այս տարուան Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենան նոր ընտրութիւններ։