«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումը կը շարունակէ բողոքի ցոյցերը
15 Մայիսին լարուած վիճակ տիրեց Երեւանի կեդրոնին մէջ. արդարեւ, Օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ տեղի ունենալիք Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան տարեկան ժողովին նախատեսուած էր վարչապետ Փաշինեանի մասնակցութիւնը, որուն համար ապահովական արտակարգ դրութիւն էր ամբողջ շէնքին շուրջ․ փողոցները փակ էին, իսկ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման հետեւորդները հաւաքուած էին մերձակայքը՝ իրենց բողոքը ներկայացնելու վարչապետին վարած քաղաքականութեան դէմ եւ պահանջելու անոր հրաժարականը։
Կանուխ ժամերէն, ոստիկանական մեծաթիւ ուժեր հաւաքուած էին Օփերայի յարակից հատուածներուն մէջ, մետաղեայ արգելապատնէշներով փակուած են շէնքը շրջապատող փողոցներուն մայթերը, Ազատութեան հրապարակը։ Շարժումը օր մը առաջ յայտարարեց, որ պիտի կազմէ խումբեր եւ մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներէն քայլարշաւով պիտի հաւաքուի Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուր հաւաք նախատեսուած է։
Հիւսիսային պողոտային վրայ եւ այլ հատուածներու մէջ համախմբուեցան մեծաթիւ ցուցարարներ, որոնց աւելի ուշ միացաւ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը՝ Հիւսիսային պողոտայի եւ Թումանեան փողոցի հատուածին մէջ:
Թէեւ ոստիկանները տարբեր առիթներով փորձեցին հեռացնել ցուցարարները, սակայն անոնք մնացին հոն։ Պահ մը իրավիճակը լարուեցաւ Հիւսիսային պողոտայ-Թումանեան փողոց հատուածի արգելապատնէշին մօտ, հրմշտուք ու վէճ ծագեցաւ, սակայն Բագրատ սրբազան միջամտեց, պահանջեց ոստիկաններէն բանալ ճամբան, որպէսզի իրենք ուղղուին Սուրբ Աննա եկեղեցի:
Պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին՝ Բագրատ սրբազան ըսաւ, որ յառաջիկային մեծ հանդիպում պիտի կայանայ քաղաքական ուժերուն հետ. «Յստակութիւն շատ կայ: Մենք հանդիպում ենք բոլոր քաղաքական ուժերի հետ, որոշակի արդէն ուրուագիծն ու ուղղութիւնը կան, վաղը միւս օրը աւելի մեծ հաւաք կը լինի», աւելցուց ան։
Երեկոյեան Ս. Աննա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Բագրատ սրբազան յայտարարեց, որ հիմնական կատարուելիքները կը տեղափոխուին այն օրակարգին, որ սպասուած է բոլորին կողմէ։
«Ցանկանում ենք մեր նախանշած ծրագիրն այս շաբաթուայ մէջ աւարտել: Այսօր մենք հանդիպել ենք կուսակցութիւնների հետ` «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան, Դեմոկրատական կուսակցութեան, «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան ներկայացուցիչների հետ: Մեր նպատակն է քաղաքական ամբողջ ներկապնակին տեսնել, ու բոլորը միասին պէտք է հանդիպեն: Մինչեւ այս շաբաթուայ վերջ կը շարունակենք հանդիպել տարբեր ուժերի ներկայացուցիչների հետ: Թուով 101 գիտնական, գիտաշխատող եւ տարբեր ոլորտի մասնագէտներ պահանջել են մարդու (վարչապետի) հրաժարականը», ըսաւ ան:
Սրբազանը հաստատեց, որ Խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի ըլլայ հայութեան շահերով պայմանաւորուած: «Խաղաղութեան պայմանագրում շատ բաներ կայ, որոնք պիտի նշուած լինեն, մինչեւ Արցախ վերադարձի խնդիրը», շեշտեց ան:
Աւարտին, սրբազան աւելցուց, որ 16 Մայիսին եւս որքան կարելի է պիտի կազմակերպեն դասադուլներ, ցոյցեր:
ԵՊՀի Աւելի Քան 50 Դասախօսներ Կ՛աջակցին Շարժման Եւ Կը Պահանջեն Փաշինեանի Հրաժարականը
Երեւանի Պետական համալսարանի աւելի քան 50 դասախօսներ յայտարարութեամբ մը հաստատեցին, որ կը զօրակցին Բագրատ սրբազանի առաջնորդած շարժման` պահանջելով Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը վարչապետի պաշտօնէն:
Անդրադառնալով Տաւուշի տարածքին սահմանազատման հապճեպ գործընթացի ծիրին մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն միակողմանի տարածքային զիջումներուն, որոնք կը հակասեն Հայաստանի կենսական շահերուն եւ լուրջ վտանգներ են պետութեան ապահովութեան համար՝ դասախօսները կը նշեն. «Արցախի կորստից յետոյ Տաւուշում քաղաքական նման կեցուածքը եւս մէկ անգամ հաստատում է, որ Հայաստանում իշխող քաղաքական ուժը, տարածքային նորանոր զիջումների պատրաստակամութիւն դրսեւորելով, ի զօրու չէ երաշխաւորել ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ նուազագոյն չափով անգամ ապահովել անվտանգ ապագայ ՀՀ քաղաքացիների համար»:
Փաստաթուղթերու եւ շօշափելի տուեալներու վրայ բացատրութիւններ եւ մանրամասնութիւններ տալով՝ դասախօսները հաստատեցին. «Սահմանազատման գործընթացն այս փուլում ամբողջութեամբ ապօրինի է, քանի որ ոչ միայն տեղի է ունենում բացառապէս ադրբեջանական կողմի օրակարգին լիարժէք համապատասխան, այլեւ նրանց բացայայտ ռազմաքաղաքական ճնշման ներքոյ, ինչպիսի պայմաններում միջպետական պայմանաւորուածութիւններն ի սկզբանէ առ ոչինչ են: Համաշխարհային պրակտիկան (փորձը) ցոյց է տալիս, որ նախ հարեւան պետութիւնները պէտք է դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատեն, յետոյ միայն անցնեն սահմանային վերջնական ճշգրտումների, ինչպիսիք ներկայ պահին կատարւում են, օրինակ, Վրաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ: Աւելին` տարածքային փոփոխութիւնների հարցերը կարգաւորում ստանում են հանրաքուէով: Շարունակական տարածքային կորուստները եւ ստեղծուած սահմանային վիճակը հայոց պետականութեան հետագայ զարգացման եւ անգամ գոյութեան համար լրջագոյն սպառնալիքներ են ստեղծել»:
Զախարովա Կ՛անդրադառնայ Հայաստանի Մէջ Զանգուածային Ձերբակալութիւններուն
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ պատասխանելով Հայաստանի մէջ սկսած «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին ու բողոքի ցոյցերուն վերաբերող հարցումի մը՝ ըսաւ, թէ ատիկա ինքնիշխան պետութեան ներքին գործն է։ Ան բաղդատական կատարեց Արեւմուտքի արձագանգներուն՝ Վրաստանի մէջ, այսպէս կոչուած` «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրինագիծի դէմ սկիզբ առած բողոքի ցոյցերուն եւ Հայաստանի մէջ սկսած շարժումին վերաբերող։
«Արեւմուտքի արձագանգը կ՛ապշեցնէ։ Խօսքը հերթական երկակի չափանիշերու մասին է, եւ այս օրինակը լաւագոյնս կ՛արտացոլացնէ ասիկա։ Տեսէ՛ք՝ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտօնական ներկայացուցիչները բառացիօրէն ամէն օր կը յարձակին Վրաստանի իշխանութիւններուն վրայ՝ իբր թէ ցուցարարներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքի համար…Իսկ ի՞նչ կը տեսնենք Հայաստանի պարագային. Արեւմուտքի քար լռութիւնը երկրին մէջ տեղի ունեցող զանգուածային ձերբակալութիւններու նկատմամբ, հոն եւս կոշտ ուժ կը կիրարկուի», ըսաւ ան։
«Արեւմտեան յառաջատար լրատուամիջոցները կարծէք ստուերի մէջ կը ձգեն Հայաստանի մէջ բազմահազարանոց բողոքի ցոյցեր՝ ձեւացնելով, որ հոն ոչինչ տեղի կ՛ունենայ։ Կամ ալ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող այս զարգացումները արեւմտեան լրատուամիջոցները կը մատուցեն իբրեւ հայ ժողովուրդին կամքը չարտայայտող եւ իբրեւ թէ դուրսէն համակարգուող իրադարձութիւն», դիտել տուաւ Զախարովա։
Խօսելով Երեւան-Մոսկուա կապերուն մասին, հաստատեց, որ Ռուսիա միշտ հաւատարիմ եղած է Հայաստանի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն։
Comments are closed.