Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան զօրակցական այցելութիւն տուաւ Օնթարիոյի երեսփոխանական թեկնածու Արիս Պապիկեանին
- (0)

Երկուշաբթի, 24 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, զօրակցական այցելութիւն տուաւ Սքարպորօ-Այճինքորթի տարածաշրջանի Երեսփոխանական թեկնածու հայազգի նուիրեալ զաւակ՝ Տիար Արիս Պապիկեանի ընտրարշաւի գրասենեակ: Օնթարիոյի Ազգային Ժողովի ընտրութիւնները պիտի կայանան Փետրուար 27-ին։
Քահանայ Հայրը դիմաւորուեցաւ Տիար Արիս Պապիկեանի եւ գրասենեակի կամաւոր աշխատակազմին կողմէ: Յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Բաբգէն Ս. Արք. Չարեանի, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսչութեան, Հոգաբարձութեան եւ հայ համայնքի զաւակներուն, Տէր Հայրը զօրակցութիւն յայտնեց յառաջիկայ օրերու ընտրութիւնները հեզասահ ընթանալու մաղթանքով:
Նահանգային խորհրդարանի անդամ, Յառաջդիմական-պահպանողականներու կուսակցութեան անդամ Արիս Պապիկեան, 2022 թուականի նահանգային ընտրութիւններուն վերընտրուած էր Սքարպորօ-Այճինթքորթի ընտրատարածքէն: