Վարդեւանեան․ Խաղաղութեան համաձայնագիրը կրնայ հիմք ծառայել, սակայն երաշխաւորներ անհրաժեշտ են

ԵՐԵՒԱՆ․- «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Արամ Վարդեւանեան յայտարարեց, որ իրենց քաղաքական ուժը իշխանութեան գալու պարագային պիտի չմերժէ Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւնները եւ պիտի չսկսի «զերոյական կէտէն»։

Անդրադառնալով 2025 թուականի օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան համաձայնագիրին՝ Վարդեւանեան նշեց, որ փաստաթուղթի բովանդակութիւնը ընդհանուր առմամբ ընդունելի է, սակայն անոր գործադրութեան համար անհրաժեշտ են միջազգային երաշխաւորներ։

Ան շեշտեց, թէ համաձայնագիրին մէջ չկան դրոյթներ, որոնք Հայաստանի վրայ կը դնեն սահմանադրական փոփոխութիւններու պարտաւորութիւն կամ կը նախատեսեն «հարիւրաւոր կամ հազարաւոր ատրպէյճանցիներու» վերադարձի հարցը։ Ըստ Վարդեւանեանի, առաջնահերթութիւնը Հայաստանի ներկայ «նուաստացուած վիճակ»էն դուրս գալն ու իսկապէս ուժեղ խաղաղութեան հասնիլն է։