Վարդապետութեան աստիճանի եւ գաւազանի տուչութիւն Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ աբեղայ Եագուպեանին

Հրամանաւ եւ բարձր տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, ձեռամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանին եւ խարտաւիլակութեամբ Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քահանայ Գոյունեանին, Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2022-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ տեղի ունեցաւ վարդապետական գաւազանի իշխանութեան տուչութիւն, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Աբեղայ Եագուպեանին: Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին Գերաշնորհ Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանն ու Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէկեանը: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներ, երեսփոխաններ եւ հոգաբարձութեանց անդամներ:

Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ Եկեղեցւոյ ատեան, ուր սկիզբ առաւ արարողութիւնը: Առաջին հերթին, Հայր Յակոբ նզովեց բոլոր աղանդաւոր հերձուածները ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեց իր հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով հայրապետներուն, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազանը Հայր Յակոբին շնորհեց Վարդապետութեան չորս աստիճանները, վարդապետելու կատարեալ իշխանութիւնն ու գաւազանը:

Իր հոգեւոր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, Իր պարգեւած առատ ողորմութեանց ու շնորհքներուն համար, ապա, երախտագիտութեան ու շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ իր հայրական հոգատարութեան ու ընծայած այս առիթին համար:

Անդրադառնալով օրուան Աւետարանական ընթերցումին, Յիսուս Քրիստոսի կոչին, երբ իր աշակերտներուն աւետարանելու իրաւունք շնորհեց, Առաջնորդ Սրբազանը Հայր Սուրբին ուշադրութեան յանձնեց, որ այս ձեռնադրութեամբ ինք եւս Քրիստոսի շնորհքներով առաքեալ կը դառնայ, իր ուսերուն վրայ Անոր լուծը աւելի կը ծանրանայ, որուն պէտք է ընդառաջէ սիրով ու հաւատարմութեամբ: Ապա, յիշեցուց, որ ան պէտք է միշտ հաւատարիմ մնայ եկեղեցւոյ սուրբ աւանդութիւններուն եւ ծէսին, ու համաձայն իր խոստումին՝ հետեւի սրբազան հայրապետներուն ուսուցած վարդապետութիւններուն։ Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները առատապէս հեղու Հայր Յակոբին վրայ:

Ս. Պատարագի աւարտին, Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս ընթունեց հաւատացեալներու շնորհաւորութիւնները:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.