Վաստակաշատ եւ նուիրեալ կրթական մշակը (Մարգար Շարապխանեանի յիշատակին)

ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի կրթական մարմինը, տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը գուժեցին վարժարանի հիմնադիր տնօրէն՝ Պարոն Մարգար Շարապխանեանի մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 19 օգոստոսին, Հայաստանի մէջ:

Պարոն Մարգար, իր երկարամեայ տնօրէնութեան ընթացքին, կերտեց հայասէր, հայրենասէր եւ ինքնութեամբ հպարտ հայ ազգի սերունդներ, որոնցմէ շատեր հետեւելով իր օրինակին, այսօր կը շարունակեն հայակերտումի իր ազգային սուրբ գործը՝ հայ համայնքի զանազան մարզերէն ներս: Հայ դպրոցն ու հայ աշակերտը բիւր յարգանքով կը խոնարհին իր տարիներու վաստակին առջեւ։

Մարգար Շարապխանեանը ծնած էր Յունաստան, 1937ին, ուսանած էր Իտալիոյ մէջ, յետոյ գաղթած էր Գանատա, Թորոնթօ, ուր գտած էր իր կեանքի կողակիցը՝ Տիկին Էլիզը։ Թորոնթոյի մէջ եղած է հիմնադիրներէն ՀՕՄի ամենօրեայ վարժարանին եւ երկար տարիներ վարած էր տնօրէնի պաշտօնը։

«Հորիզոն»ի երկար տարիներու աշխատակից էր։ Երկու հատոր ունէր հրատարակուած. առաջինը լոյս ընծայած էր անկախութեան առաջին տարիներուն եւ կը կոչուէր «Դարձ դէպի հայրենիք», երկրորդը յայտնի յոյն գրագէտ Նիքոս Քազանճաքիսի գործերու թարգմանութիւնն էր։

1990-1994 եղած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ Եղած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամ եւ վարած կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ։

Հայրենադարձ Մարգարն ու Էլիզը 2008 թուականէն ի վեր հաստատուած էին Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղ եւ մեծապէս սատարած գիւղին, յատկապէս վերանորոգոլելով Ուշիի մշակութային տունն ու դպրոցը։

Հայրենադարձութենէն ետք, հարցազրոյցի մը ընթացքին Մարգարը կը վկայէ. «Տարբեր երկիրներու մէջ ապրած եմ , բայց ոչ մէկ տեղ` ո՛չ Յունաստանի, ո՛չ Իտալիոյ եւ ո՛չ ալ Գանատայի մէջ, ես հայ զգացած եմ, իմ ինքնութիւնս միայն Հայաստանի մէջ կը զգամ: Դուրսը ծնած, մեծցած ու ապրած մարդու համար Հայաստանի մէջ պէտք է ապրիլ: Ուզենք, թէ չուզենք բոլոր երկիրներու մէջ օտար ենք, միակ երկիրը որ կը զգանք, որ մերն է, Հայաստանն է։ Ես կը հաւատամ Հայաստանի գիւղերուն, եւ Հայաստանի գիւղերու տնտեսութիւնը պէտք է զարգանայ»:

1979 թուականին Հայ օգնութեան միութեան ամէնօրեայ վարժարանին հիմնադրութեան առաքելութեան մէջ անուրանալի էր դպրոցի հիմնադիր տնօրէն Մարգար Շարապխանեանի ներդրումը: Այս մասին ան կը վկայէ. «Սկսայ մանկապարտէզէն եւ ամէն տարի մէկ դասարանով կը բարձրացնէինք, այսպիսով` 75 աշակերտով սկսանք, հիմա վարժարանը ունի 650 աշակերտ: Մեր աշակերտները 18 տարեկանէն համալսարան կ’երթան` 100 շրջանաւարտէն 97-ը համալսարան կ’ընդունուին»:

Ստորեւ՝ Մարգար Շարապխանեանի գրչին պատկանող քառեակներ.

Աստուած կ՛ օրհնէ, շէն կը պահէ օճախդ
Եթէ անձէդ բաժին հանես ուրիշին.
Ունեցածիդ ամուր կերպով մի փարիր,
Զի ան, վստահ, մահէդ անդին չես տանիր:

* * *
Կեանքը ունի վատ ու բարի ուղիներ,
Բարին ընտրէ, վատէն հեռու մնացիր,
Բարիին մէջ դուն պիտ՛ զգաս մարդացած,
Հոգիդ ամբողջ ուրախութեամբ լիացած:

* * *
Ինչ որ շինես հողիդ վրայ բերկրալի,
Յաւերժ կերպով ան կը մնայ լոկ քեզի,
Ուրիշ տեղեր պալատ անգամ կառուցես,
Զաւակներդ օտար հողմին կը յանձնես:

* * *
Ազգդ սիրէ, ժողովուրդիդ հետ ապրէ,
Օտարէն յոյս մի սպասեր դուն ի զուր,
Հայրենիքիդ որքան կապուիս անձնապէս
Այնքան հզօր դուն կը դառնաս հոգեպէս:

* * *
Եթէ հողդ թողուս անտէր, անպաշտպան
Եւ օտարին ձեռքը դառնաս դուն գերի,
Կը խեղճանաս, կը ծառայես ուրիշին,
Նման խեղճուկ Թումանեանի Գիգորին:

* * *
Հայաստանն է քու ապագան, իմացիր,
Օտար հողը քեզի երբեք չի խօսիր,
Ուր ալ երթաս, որ երկիրն ալ թափառիս,
Հայրենիքիդ կարօտովը պիտ՛ մեռնիս:

* * *
Հայեր լսէք, ականջ դրէք իմ խօսքին,
Օտարներէն չկայ մեզի փրկութիւն,
Մեր սեփական հողերուն վրայ միանանք,
Որ ազգովին յաւերժական ուժ դառնանք:

Մարգար Շարապխանեան

 

 

 

Comments are closed.