Վաստակաշատ գանատահայ ՀՄԸՄ-ականները (Եղբ․ Սերոբ Կիրակոսեան)

1. Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս մուտք գործեցիք ՀՄԸՄ-ի շարքերը։

Երբ 7 տարեկանիս միացած եմ Սուրիոյ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղին, որպէս գայլիկ, ապա՝ սկաուտ եւ մարզիկ:

Որպէս սկաուտ եղած եմ առաջնորդ եւ մասնակցած բազմաթիւ բանակումներու, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի համահայկական երկու դպրոց-բանակումներուն՝ Զմմար (Լիբանան) եւ Քեսապ (Սուրիա)։

Մաս կազմած եմ Հալէպի հռչակաւոր փողերախումբին, նախ որպէս թմբկահար, ապա շեփորահար (Trumpet):

Որպէս մարզիկ եղած եմ Հալէպի ախոյեան արգելավազքի եւ երեք քայլ ոստումի, ինչպէս նաեւ բարձրութիւն ցատկելու, ներկայացնելով ՀՄԸՄ-ը Սուրիական ախոյեանութեան մրցումներուն:

1961-ին Գահիրէի մէջ մասնակցած եմ ՀՄԸՄ-Արարատի կազմակերպած Եգիպտահայ 14-րդ մարզական խաղերուն, ներկայացնելով Հալէպի ՀՄԸՄ-ը:

1968-ին հաստատուած եմ Մոնթրէալ, Գանատա եւ անմիջապէս միացած եմ շատ սիրելի ՀՄԸՄ-Կամքի մեծ ընտանիքին: Հոս եւս գործուն մասնակցութիւնս բերելով մարզական խաղերուն եւ ծրագրուած աշխատանքներուն։ 2022-ին պատիւը ունեցած եմ ըլլալու ջահակիրը Միջ-մասնաճիւղային մարզական խաղերուն, փոխանցելով ծառայութեան եւ նուիրումի աւանդը նորահաս սերունդին։

2. Ի՞նչ պաշտօններ վարած էք միութեան մէջ։

Եղած եմ ՀՄԸՄ-Կամքի վարչութեան, ապա Գանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ, զբաղեցնելով գանձապահի եւ փոխ ատենապետի պաշտօններ (մի քանի շրջան):

2003-ին, առ ի գնահատանք, պարգեւատրուած եմ ՀՄԸՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութեան Ծառայութեան շքանշանով:

 3. Կրնա՞ք ներկայացնել դրուագ  մը, զոր կը յիշէք այդ օրերէն։

Երբ  նման ընտանիքի մը՝ ՀՄԸՄ-ի  մաս կը կազմես, յիշատակելի շատ առիթներ կ՚ապրիս եւ յիշողութեանդ մէջ անջնջելի կը մնան կարգ մը դրուագներ, որոնցմէ կարելի է յիշել Հալէպի ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին հռչակն ու ներկայութիւնը, իսկ ես որպէս թմբկահար, մեծ հպարտութիւն զգացի, երբ 1955 կամ 1956 թուականին Հալէպի նշանաւոր փողերախումբը հրաւիրուեցաւ Սուրիոյ մայրաքաղաք՝ Դամասկոս, մասնակցելու Սուրիոյ անկախութեան տօնի տողանցքին, նախագահ Շուքրի Ալ-Քուաթլիի ներկայութեամբ։

4-Ի՞նչ  են ձեր թելադրանքն ու մաղթանքը ներկայ ՀՄԸՄ-ականներուն։:

Իմ թելադրանքս պիտի ըլլայ, որ ապագայ սերունդները չվարանին իրենց զաւակները վստահելու այս աշխահասփիւռ եւ իւրայատուկ կազմակերպութեան։

Ես, տիկինս, զաւակներս եւ այժմ թոռներս պատկանած ենք եւ կը մնանք ՀՄԸՄ-ականներ, քաջ գիտակցելով թէ այս միութիւնը միայն հաճելի ժամանցի կամ սոսկ մարզական միութիւն մը չէ, այլ անզուգական միութիւն մը, ուր երեխան հասակ կ’առնէ ու կը թրծուի առողջ ու հայեցի միջավայրի մը մէջ, ուր ամէն պատանի կը հաւատայ «առողջ միտք, առողջ մարմին» կարգախօսին։ Ան կը բարելաւէ իր նկարագիրը, կը սորվի հնազանդիլ, կարգապահութիւն, զոհողութիւն եւ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու գիտակցութիւն, իսկ երբ կը բարձրանայ, անպայման իր հետ մէկ ուրիշ մըն ալ կը բարձրացնէ․ վերջ ի վերջոյ հիմնադիրներուն նշանաբանը եղած է «Բարձրացի՛ր, բարձրաձու՛ր»։

Հարցազրոյցը վարեց Հուրինան