ՎԱՍՆ ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՄԱՆ
- (0)

Հինգշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան 7.30-ին, Ս․ Յակոբ Առաջ․ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էին ձեռնարկ մը, ուր ներկայացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետին նոր գիրքը՝ «In Search of Self-Understanding»։ Գիրքին ներկայացումը կը վայելէր Օրհնութիւնը եւ Նախագահութիւնը Առաջնորդ սրբազանին՝ Գերշ․ Բաբգէն Արք․ Չարեանի։ Գիրքը ներկայացուց Հոգշ․ Յակոբ Վրդ․ Եագուպեան։
Ձեռնարկը սկսաւ Առաջնորդ սրբազան հօր աղօթքով։ Ապա բացման խօսքը կատարեց հովիւը՝ Արժ․ Գառնիկ Աւ․ Քհնյ․ Գոյունեան։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք սրբազանին, Ազգային Վարչութեան, հոգաբարձութեան եւ ներկաներուն՝ ծանուցեց Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան 7.30-ին Վեհափառ հօր Հովուապետական այցելութեան առիթով մատուցուելիք «Հրաշափառ»ի արարողութիւնը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց տ․ եւ տիկ․ Ուալթըր եւ Հայկուշ Ասատուրեանին, որոնք սիրայօժար ստանձնած էին գիրքէն մեծ քանակի մը ապսպրման նուիրատուութիւնը։ Եւ շնորհակալութեան խօսքով հրաւիրեց Հոգեշնորհ հայր սուրբը՝ ներկայացնելու գիրքը։
Հայր Յակոբ պարզ ու մատչելի եւ ամփոփ ներկայացուց գիրքը․ անոր բովանդակութեան կէտերը, եւ հիմնական առաջադրութիւնը։
Կարելի է ըսել, թէ Հայր սուրբին ներկայացումը իրեն հիմք ունէր գիրքին յառաջաբանով եւ վերջին գլուխով տրուած այս միտքերը․ «Այսօր, աւելի քան որեւէ ժամանակ պատմութեան, մարդկային լինելութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի իր ինքնաճանաչման վերաբերող մշտակուտակ վտանգներու եւ խորացող վախերու: (…) Աստուածաշունչը եւ Եկեղեցին իրենց ուսուցման մէջ սեւեռեալ ուշադրութիւն մը դարձուցած են մարդկային լինելութեան վրայ։ (…) Այս գիրքը ամփոփ ներածութիւն մըն է քրիստոնէական մարդաբանութեան, կամ աւելի ճշգրիտ բանաձեւումով մը՝ քրիստոնէական մարդաբանութեան հայեացքի մը»։ «․․․մարդակեդրոնութիւնը, որ մերժումն է Աստուածակեդրոնութեան, մեծագոյն թշնամին հ մարդկութեան։
Մարդակեդրոնութիւնը որ պատճառը եղաւ մարդու անկումին եւ Ադամի ու Եւայի Եդեմի պարտէզէն արտաքսման՝ իր բոլոր կերպարանաւորումներով եւ հետեւանքներով կը շարունակէ խստացող ուժգնութեամբ, սպառնալով մարդկային կեանքին, ինչպէս նաեւ՝ ամբողջ ստեղծագործութեան։ (…) Ներկայ ժամանակներու մարդ էակը ստիպողութեան առջեւ է ճիշդ ընտրութիւնը կատարելու, եւ ճիշդ ընտրութիւնը՝ յաճախ դժուար ընտրութիւն մըն է»։
Յետ ներկայացման, Առաջնորդ սրբազանը հրաւիրուեցաւ՝ եզրափակելու երեկոն։ Սրբազան հայրը ակնարկեց Վեհափառի ծանրաբեռն ծառայութեան, եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ Նորին Սրբութիւնը նաեւ միշտ գտած է ու կը գտնէ ժամանակ՝ հայ հոգե-իմացական կեանքը հարստացնելու իր գրականութեամբ։ Անդրադարձաւ «In Search of Self-Understanding»ի հիմնատարրին, որ կը վերաբերի մարդու ինքնաճանաչման համար՝ ընդ Աստուծոյ անոր առողջ յարաբերութեան։ Եւ կարեւորեց Աստուածաշունչին ամենօրեայ ընթերցումը՝ որպէս ինքնաճանաչումը ճշմարտապէս սնուցանող։
Յաւարտ ձեռնարկին, հովիւին խնդրանքով՝ Առաջնորդ սրբազան հօր ձեռամբ իւրաքանչիւր ներկայի գիրքէն օրինակ մը նուիրուեցաւ։
ՍՅ