Վանի հայկական մշակութային ժառանգութիւնները ոչնչանման եզրին են

Վանի պատմական մշակութային կառոյցները կործանման վտանգի առջեւ կը գտնուին։ Վանի հայկական մշակութային ժառանգութեան մեծ մասը տարիներու անտարբերութեան եւ անխնամութեան պատճառով յայտնուած է անմխիթար վիճակի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber-ը։

«Զբօսաշրջութեան մասնագէտ Մուրաթ Բէյազը, անդրադառնալով Թուրքիոյ մշակութային ժառանգութեան հետ կապուած խնդիրներուն, նշած է, որ եթէ այս յուշակոթողները վերականգնուին, ապա Վանի զբօսաշրջութիւնը կրնայ վերստին աշխուժանալ։

«Մենք պատմութիւնը չյարգեցինք: Մենք չկարողացանք վերաբանալ հայկական վանքերը: Ամէնը գանձագողերու կողմէ կործանուած վիճակի մէջ կը գտնուին»,- քննադատած է Բէյազը:

Այդպիսի մշակութային կոթողներու շարքին է Վանի Բաշքալէ շրջանին մէջ գտնուող 1700 տարուայ Սուրբ Բարդողիմէոս հայկական եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Գեւաշի Սուրբ Թովմա վանքը եւ Կարմիր եկեղեցին (Գարմրավանքը): Այս յուշակոթողները, որոնք հանդիսացած են Վանի մշակութային ինքնութեան անբաժանելի մասը, այսօր լքուած են եւ պարբերաբար կ՚ենթարկուին գանձագողերու թալանին։