Վանգուվըրի համայնքը յարգեց Արցախի 44-օրեայ Պատերազմի հերոսներու յիշատակը
- (0)

Կիրակի 9 նոյեմբերին, Վանգուվըրի հայ համայնքը համախմբուած էր եկեղեցական արարողութեան մը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Արցախի 44օրեայ Պատերազմի մարտիրոսներուն։ Արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։ Եկեղեցական արարողութիւնը գլխաւորեց Ս. Գրիգոր Լիւսաւիրիչ եկեղեցոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Թաշճեան, եւ անոր միացաւ եկեղեցւոյ նախկին հովիւ հայր Գարեգին Ծ. վրդ. Շխրտմեան։
Վանգուվըրի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէի անդամները, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Մարալ Գիւլահեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) եւ ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան (ԳՊՄ) Վանգուվըրի մասնսճիւղերու անդամները մասնակից դարձան արարողութեան։
Նոյն օրը՝ Կիրակի, Նոյեմբեր 9-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ նուիրուած նորոք հանգուցեալ արժանապատիւ Տէր Յուսիկ Քհնյ. Սեդրակեանի յիշատակին։