Վանա Նազարեան նշանակուած է Մոնթրէալի նոր գործադիր մարմնի խորհրդական

Երեքշաբթի, 18 Նոյեմբերին, Մոնթրէալի նորընտիր քաղաքապետուհի Սորայա Մարթինէզ Ֆեռատա ներկայացուց իր վարչակազմի գործադիր մարմնի կազմը։

Կարեւոր նշանակումներու շարքին է հայազգի Վանա Նազարեանը, որ կը ստանձնէ քաղաքի տնտեսական զարգացման խորհրդականի պաշտօնը։ Այս պաշտօնով Նազարեան պիտի մասնակցի գործադիր մարմնի աշխատանքներուն եւ պիտի նպաստէ այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք միտուած են զարկ տալ Մոնթրէալի տնտեսական գրաւչութեան ու զարգացման։

Քաղաքապետուհին ընդգծած է առաջնահերթութիւններ, ինչպէս անօթեւանութեան դէմ պայքարը, քաղաքային կառոյցներու արդիւնաւէտ գործունէութիւնը, տնտեսական աճն ու շարք մը այլ խնդիրներ։ Այս աշխատանքներուն մէջ՝ Նազարեան, եւ խումբ մը այլ խորհրդականներ պիտի մասնակցին գործադիր մարմնի ընդհանուր քաղաքականութեան ձեւաւորման հիմնական քննարկումներուն եւ գործադրութեան։