ՎԱՃԱ՞ՌՔ ԹԷ ՎԱՐՁԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ…

Գիւղատնտեսական հողատարածութիւններու յանձանձման պարագային, վարձակալութիւնը երաշխիք մը չէ։ Ան քող մըն է, որ շատ բան կը քողարկէ։ Վաճառք կամ վարձակալութիւն՝ երբ անոնք տեղի կ՚ունենան հսկայածաւալ չափերով և յատկապէս արտասահմանեան մեծ ընկերութիւններու մասնակցութեամբ և Հայաստանի պէս փոքր երկրի մը մէջ, ինքնաբերաբար կը յարուցեն ազգային անվտանգութեան և ռազմավարութեան խնդիրներ։

Մեր ազգային անվտանգութիւնը կը պահանջէ, որ մեր երկիրը ունենայ ուժեղ գիւղատնտեսական խարիսխ հիմնուած հայ գիւղացիութեան կայուն, զարգացած, նպատակախնդիր և առողջ ու հպարտ հայրենասիրութեամբ տոգորուած ներքին մշակոյթին վրայ։ Այդ մշակոյթը կազմաւորելու գործը պետութեան պարտաւորութիւնն է։ Անոր բացակայութիւնը պետութեան մեղքն է, որուն հետ հաշուի պէտք է նստի մեր ժողովուրդը։

Միաժամանակ այդ գիւղատնտեսութիւնը չի կրնար մենաշնորհային համակարգի սեփականութիւնը ըլլալ։ Առաջին հերթին, պետութիւնը պէտք է քաջալերէ անհատ գիւղացիութեան ագարակատիրութիւնը և համագործակցայիններու կազմութիւնը։ Իսկ այն մեծ ձեռնարկութիւնները, որոնք հարկադրաբար տեղ կը գրաւեն գիւղատնտեսական արտադրանքի շուկային վրայ, պէտք է մտնեն մրցակցային դաշտ։ Առաւե՛լ. անոնք պէտք է դուրս բերուին անհատ շահատէրերու սեփականատիրութեան դաշտէն և վերածուին քորփորէյթ (corporate կամ societe anonyme) հաստատութիւններու, որոնց արժէթուղթերը պէտք է մատչելի ըլլան հանրութեան և յատկապէս գիւղացիութեան։

Համագործակցային թէ քորփորէյթ ՝հողակպիկ գիւղացին ՝ ի՛նք պիտի ըլլայ խարիսխը Հայաստանի գիւղատնտեսական ոլորտին։

Կարօ Արմենեան

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.