ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ՝ «ԻՄ ՍԻՐԵԼԻ ՍՓԻՒՌՔՍ»
- (0)

Գառնիկ Աւ․ Ք․ Գ․
Գ․5 – «Մտքի Վիճակ»
«․․․սփիւռքահայը առանձին անձն է։ Եւ ասկէ կը ծագի փնտռտուքը միւս հայուն, կամ՝ աւելի վաւերականին, աւելի հարազատին, որ անցեալին մէջ կը գտնուէր»։ Անշուշտ այս մէջբերումին առանձնութիւնը՝ աշխարհի վրայ օտար ըլլալու զգայնութեան առանձնութիւնն է, որ տարբեր է հոգեբանական կամ ընկերային առանձնութենէն, տարբեր է իր բնոյթով՝ որ է «բնազանցական», եւ բարոյականով։
Վ․ Օշական վաւերականութիւն կամ հարազատութիւն ըսելով՝ հասկցած է «authenticity»ն։
Յղացքը կը վերաբերի անհատի ինքնալինելութեան խնդրին։
Ան գրեթէ երեսուն տարիներու հեռաւորութեան վրայ՝ ափ մը անդրադարձ ունի Ժան-Փօլ Սարթրի մասին, եւ մեկնարկ մը՝ Մարթին Հայտեկերէ։
Սարթրին իր նայուածքը՝ տեսած է տռամ մը․ ինքզինք չկարենալ ըլլալու տռամը (ՍՅՅ)։ Ատիկա Սարթրի «ողջ» ըլլալու «իւրայատուկ ձեւ»ն է, «կեդրոնական էութիւն»ը (նոյն)։
Այս «ձեւ»ը, ինչպէս գիտենք փիլիսոփային մտածումէն, ճակատագրապաշտական չէ, չի հաւատար ճակատագրապաշտութեան, որովհետեւ կը հաւատայ՝ թէ մարդ էակը ազատ է․ ան «դատապարտուած է» ազատ ըլլալու։ Եւ այն ազատութիւնը՝ սեփական ուսերուն կը դնէ աշխարհի ամբողջ ծանրութիւնը․ ան յանձնառու է թէ՛ այս աշխարհին, եւ թէ՝ ինքնիր անձին հանդէպ։ Ասիկա աղբիւրն է անձկութեան, եւ մարդ՝ անձկութեան մէջ է, որ իր ազատութեան կը գիտակցի։ Անձկութիւնը ինքնալինելութեան գիտակցութիւնն է։
«Տռամ»ը՝ անձկութիւն-գիտակցութիւնն է, որուն «ամբողջ հարցը,- մեկնաբանած է Վ․ Օշական,- զոհ չերթալն է գլխու պտոյտ տուող ըլլալու, մտածելու ու զգալու աւանդական ֆօրմիւլներուն» (նոյն)։ Բայց ինչպէ՞ս։ Առաքինութեամբ մը։ Եւ այն առաքինութիւնը՝ յստակատեսութիւնն է։ Ո՛չ տրամաբանական յստակատեսութիւնը, ո՛չ իմացական յստակատեսութիւնը, ո՛չ հոգեբանական յստակատեսութիւնը, այլ «արդի ժամանակները յատկանշող (…) ճշմարտութեան պահանջը» (նոյն)։ Յստակատեսութիւնը՝ գոյութեան «խաբուսիկ, երկվայրկեանային, անտարազելի իրականութիւնը»՝ գոյութեան գիտակցութեան հետ հաշտեցնելու «յուսահատ ճիգ» է (նոյն)։ Մարդ էակը «իր հազիւ հազ ըլլալու կարելիութենէն պիտի հանէ իր իմաստը կամ ներկայութիւնը կամ ապրելու առիթը կամ արժէքը» (նոյն), եւ անցեալէն եկած բոլոր ծպտումները թօթափելով՝ ճշմարտութիւնը փնտռտէ։ Չեմ անցնիր Սարթրի յանձնառութեան տեսութիւնը ամփոփելու, որովհետեւ ատիկա Վ․ Օշականէ չէ արծարծուած։ Արդ, Սարթրի մօտ ինքնալինելութեան վաւերականութիւնը կամ հարազատութիւնը քաղուած միտքերով հասկցած է։
Մարթին Հայտեկերէ մեկնարկային միտքը եւ ատոր վրայ աւելցուցած բացատրութիւնը։
Վ․ Օշական գրած է․ «․․․կ’ապրինք անվաւեր գոյութիւն մը (գերմանացի իմաստասէր Հայտեկեր կը խորհի, թէ այս վիճակը, որ ինք “անվաւերականութեան կամ անհարազատութեան վիճակ” կը կոչէ, բնական կացութիւնն է մարդ էակին, անոր ներսը բոյն դրած բնազանցական վէրք մը, որ զինք ի վերջոյ եւ անխուսափելիօրէն՝ իր քայքայումին պիտի տանի)» (Մտածումներ Ազատութեան Մասին): Այս բացատրութենէն ետք, ան չէ մնացած փիլիսոփային հետ, կարճ ճամբայ մըն ալ չէ քալած անոր հետ։ Այլ անոր «ախտաճանաչում»ին աճապարած է անվաւեր եւ անհարազատ գոյութեան օրինակ ցոյց տալ։ Կը մէջբերեմ երկար․ «Այս անվաւերականութիւնը կամ անհարազատութիւնը վարակած է մասնաւորաբար մեր ընկերութեան այն տարրը, որ “ազգի գործեր”ով կը զբաղի։ Չկայ մէկը (հաւանաբար քահանան, ակումբի եւ դպրոցի պահակները, մէկ քանի տարտամ պաշտօնեաներ եւայլն բացառութիւն կը կազմեն), որ իր լաւագոյն ճիգն ու տաղանդը դնէ ազգի սպասին – ատիկա վերապահուած է մեր “անձնական կեանք”ի ծառայութեան։ Անվաւեր ենք բոլորս՝ որովհետեւ անպարկեշտ կերպով երկու չափ երկու կշիռ կը գործածենք՝ մինչ հազար ջանք կը թափենք համոզելու մարդիկ, թէ մեր լաւագոյնն է, որ կու տանք ազգին։ Այս համատարած կեղծիքը մեզի կ’ընկերանայ Օսմանեան կայսրութեան օրերէն՝ երբ ստիպուած էինք զոյգ կեանք ապրիլ։ Սփիւռքի մէջ այս “սուտ”ը կրկնապատկուեցաւ, երբ բազմիմաստ ու բարդ նոր բառեր, օրինակ՝ “օտար”ը, “վատասերած”ը, “աւելորդ”ը, “ուրիշ”ը, “գաղթական”ը, “դուրսին»ը, “աղբար”ը եւ նման որակումներ ալ սկսան մաս կազմել մեր ինքնութեան, ու հիմա այլեւս չենք զգար նոյնիսկ՝ ինչ ըսել է “անվաւեր” ըլլալը եւ մեծ համոզումով այդ որակումները աշխարհին վրայ կը թափենք եւ մենք կը մնանք միակ “բնիկ”ը աշխարհի երեսին, ուր որ ալ գտնուինք․․․ հակառակ որ, ուր որ ալ ըլլանք՝ մենք “օտարական”ն ենք, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, հաւանաբար» (նոյն)։ Աճապարանքը՝ զինք փիլիսոփայէն հեռացուցած է, եւ սեփական հոգը բանաձեւած։ Կարեւորը մեզի համար՝ այն բանաձեւումն է անշուշտ։ Վերացարկելով մէջբերուածը՝ կարելի է ըսել, թէ ըստ իրեն՝ անվաւերականութեան կամ անհարազատութեան ախտանիշ է «անպարկեշտ կերպով երկու չափ երկու կշիռ» գործածելը՝ վասն «անձնական կեանք»ի ծառայութեան։ Ասիկա ապրիլ է կեղծիքի կամ սուտի մէջ եւ կեղծիքով կամ սուտով։ Թէ կեղծիքը կամ սուտը մեզի կ’ընկերանայ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակէն, եւ համատարած է, առարկելի չէ գուցէ, բայց անվաւեր կամ անհարազատ գոյութեան խնդիրը՝ շատ աւելի խորունկ է քան որեւէ ժամանակ։ Ներառեալ Սփիւռքեան ժամանակը՝ երբ «կրկնապատկուած» տեսնուած է ատիկա։ Ինքզինք աշխարհի երեսին միակ «բնիկ»ը ճանչնալու հարցը՝ կը խորհիմ, որ Վ․ Օշական ընկալած է որպէս ստորոգութիւն մը մեր կեղծիքի կամ սուտի մէջ եւ կեղծիքով կամ սուտով, ժխտում մը՝ մեր իրողական օտարականութեան։ Ուրեմն, կը թելադրուի՝ որ մեր օտարականութիւնը ընդունիլը՝ նախաքայլն է վաւերականութիւնը կամ հարազատութիւնը վերագտնելու։ Իսկ ո՞ւր մնաց «բնազանցական վէրք»ը, կարելի է հարց տալ, այն՝ որ «ի վերջոյ եւ անխուսափլիօրէն» քայքայումին կը տանի։ Ինչպէս Սարթրի առիթով մը գրած է, ոչ միայն յանձնառութեան փիլիսոփան, նաեւ ինք բռնուած էր «տիեզերական խելագարուած հակասութիւններու ու անիմաստութիւններու շուրջպարին մէջ» (ՍՅՅ)։ Երկա՜ր պիտի մնար այն շուրջպարին մէջ․ իր քերթողութիւնը՝ մինչեւ վերջ, իսկ իր տեսական միտքը գրեթէ դուրս պիտի գար շուրջպարէն։
Հայ մշակոյթին շուրջ մտածելով, պիտի հաստատէր, թէ ոգեկան երկու ուժեր անոր «կազմութեան ամէնէն կարեւոր ազդակներէն եղած են» (ՃԽ)։ Մէկը՝ քրիստոնէականն է, միւսը՝ յոյն դասականը։ Անոնցմով կաղապարուած են հայոց լեզուն եւ գրականութիւնը, եւ ձեւաւորուած է հայկական ինքնագիտակցութիւնը։ 1900-ի շուրջ է, որ հայ միտքը սկսած է ազդուիլ քաղաքական, «յատկապէս ընկերվարական ու մարքսիսթ փիլիսոփայութիւններէն»։ Այս պատճառով՝ եկեղեցւոյ ներգործութիւնը կը տկարանար։ Մեծ Եղեռնը եւ արեւմտահայութեան ցրւումը «աշխարհի չորս կողմը»՝ աւելի պիտի տկարացնէին այն ներգործութիւնը։ Եւ հայ ինքնութեան մէջ «ճեղք մը» պիտի բացուէր՝ «սփիւռքեան բազմամշակոյթ նկարագրին զարգացման իբրեւ անուղղակի հետեւանք»։ Ոսկեդարէն մինչեւ Կոմիտաս եւ Յակոբ Օշական՝ «հայկականութիւն» կոչուածը գէշ-աղէկ «յստակ իմաստ մը» ունէր։ Սակայն այժմ, հայութիւնը, մանաւանդ անոր սփիւռքեան թեւը, «էութենական արմատական ձեւափոխութեան մը նախօրեակին կը գտնուի»։ Այս ըսուածները անշուշտ կարելի է աւելի ճշգրիտ դարձնել եւ այլ տարրերով ալ ընդարձակել, բայց ատիկա կը ձգեմ ընթերցողին գիտութեան։ Հարցը որ ասոնցմէ կը յառնէ՝ այն է, թէ ինքնութեան ժառանգեալ տարազը ներկայ իրականութիւններուն մէջ չի կրնար վաւերականութիւն կամ հարազատութիւն գտնելու ծառայել։ Որովհետեւ կը կարօտի վերաքննութեան, վերագնահատման, արդիականացման, նորոգման։ Եւ սակայն անհրաժեշտ է ճանչնալ ժառանգութեան «յատկանիշներ»ը, որոնցմէ «հիմնական»ն է՝ «անխախտելի հաւատքը մարդ էակի ազատ կամքին ու իր կեանքը այդ կամքին համաձայն ուղղելու եւ ղեկավարելու (կարողութիւնը)» (նոյն)։ Ներկայ իրականութիւնները՝ օտարութեան իրականութիւններ են։ Եւ մանաւանդ սփիւռքահայերը հարկ է որ անցնին օտարութեան մկրտութենէն։ Այն «խորհուրդ»ին ընդառաջելով եւ անցնելով անկէ՝ «շատ հեռուները պիտի երթայ» սփիւռքահայութիւնը (ՍՀ)։ Անոր անդամները պիտի ստանձնեն «առանձնաշնորհեալ կենցաղ» մը, որուն միջոցաւ «առաւելագոյն կարելիութիւնը» պիտի ունենան «ճշմարիտ մարդկային կեանք մը ապրելու», ազատեալ կեղծիքներէն կամ սուտերէն, «միշտ նորն ու վտանգաւորը, չփորձուածը եւ աննախատեսելին» արարելով։ Ա՛յս է Սփիւռքը, իսկականը, «եզակի, աննախընթաց ու անկրկնելի» ինքնութիւն (ինքնութիւններ) (ՓՍՏ), որ կը համարձակի «անկախ գոյութիւն մը կազմակերպել եւ դիմանալ» (նոյն)։