Վահէ եւ Աստղիկ Անտոնեաններու անուան 100.000 տոլարի նորաստեղծ հիմնադրամը զարկ պիտի տայ գանատահայ համայնքի կռուաններու հզօրացման
Թիֆընի եւ Կարինէ Անտոնեաններ, համագործակցութեամբ Vancouver Armenian Community Centre Society-ի (ՀՅԴ Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան» կոմիտէ), կը յայտարարեն 100.000 տոլար նուիրատուութեամբ անձեռնմխելի հիմնադրամի մը յառաջացումը՝ Armenian Endowment Fund-ի (Թորոնթօ) հովանիին ներքեւ: Հիմնադրամը պիտի կոչուի Վահէ եւ Աստղիկ Անտոնեան (VACCS) հիմնադրամ։
Հիմնադրամի տարեկան շահոյթը պիտի յատկացուի Վանգուվըրի Հայ կեդրոնին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն եւ տեղւոյն հայ համայնքի կրթական, բարեսիրական եւ երիտասարդական ծրագիրներուն։ Եկամուտէն որոշ բաժին մը նպատակաուղուած պիտի ըլլայ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայաստանի եւ Արցախի ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի համագանատական ծրագիրներուն։ Անտոնեան ընտանիքը պիտի շարունակէ սատարել եւ աւելցնել հիմնադրամի մայր գումարը տարուէ տարի։
Հիմնադրամի ստեղծումով, Գանատայի տարածքին զարկ պիտի տրուի ազգային մեր մշակոյթի տարածման եւ համայնքային մեր կռուաններու հզօրացման։
Comments are closed.