Վահան Յովհաննիսեանի Յիշատակի Օրը 20 Երիտասարդներ Համալրեցին ՀՅԴի Շարքերը
- (0)

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան անդամները 28 Դեկտեմբերին՝ իրենց ձեռքը զէնքին՝ դաշնակցականի երդումը տալով՝ հաստատեցին, որ պատրաստ են լծուելու հայրենիքի փրկութեան եւ երկրի հզօրացման սուրբ գործին: Շուրջ 20 երիտասարդներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան Դաշնակութեան շարքերուն:
Երիտասարդներու երդման օրուան եւ վայրին ընտրութիւնը զուգադիպութիւն չէր: 28 Դեկտեմբերը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Գերմանիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, մտաւորական, պատմաբան եւ քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակի 10րդ տարելիցն է:
Այս առիթով, նորագիրներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան անդրադարձաւ Դաշնակցութեան եւ անոր միանալու երդումի իւրայատկութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ Վահան Յովհաննիսեան հմուտ գիտնականին եւ քաղաքական գործիչին մասին, որ ամէն ինչ ետին ձգած մասնակցեցաւ Արցախի ազատագրական պայքարին: