Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացաւ Փաշինեան-Փութին հանդիպումը

Երէկ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը:

Հանդիպման ընթացքին, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը անդրադարձած է երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման եւ խօսած՝ մօտակայ ծրագիրներու մասին։

«Մենք նաեւ լաւ ծրագիրներ ունինք։ Արդէն քննարկած ենք ուժանիւթի ոլորտը, ներառեալ հուլիական ուժանաիւթը։ Այժմ մանրամասնութիւններու մէջ չենք մտներ, բայց քննարկելու եւ խօսելու հնարաւորութիւն կայ։ Նոյնպէս՝ հաղորդակցութեան ոլորտին վերաբերեալ»,– ըսած է ան։

ՌԴ նախագահը անդրադարձած է նաեւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համատեղ ծրագիրներուն՝ հաղորդակցութեան ոլորտին մէջ, ներառեալ նոր երթուղիներու ստեղծումը, որոնք ըստ իրեն պիտի բանան Հայաստանի սահմանները։

«Մեր նախորդ հանդիպումին ընթացքին դուք բարձրացուցիք զանազան հարցեր, որոնց շուրջ կրնանք համատեղ աշխատիլ, ներառեալ՝ հին երթուղիներու վերականգնումը եւ նոր երթուղիներու ստեղծումը, որոնք պիտի բանան Հայաստանի սահմանները։ Ընդհանուր առմամբ, ամէն ինչ լաւ կ’ընթանայ։ Իհարկէ, կան այլ հարցեր ալ, որոնք այժմ պիտի քննարկենք»,– ըսած է Փութինը։

Իր կարգին, Փաշինեան ըսած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայիս Միացեալ Նահանգներու հետ կը վարէ շատ կառուցողական երկկողմ բանակցութիւններ՝ TRIPP նախագիծի իրականացման եւ շինարարութեան վերաբերեալ։

«Ասոնք իրապէս նշանակալի եւ բովանդակալից փոփոխութիւններ են մեր շրջանին համար։ Այստեղ կան նաեւ բազմաթիւ նրբութիւններ, որոնք կը վերաբերին Ռուսաստանի հետ մեր երկկողմ յարաբերութիւններուն։ Եւ այսօր, կը կարծեմ, շատ լաւ առիթ մըն է այս բոլոր հարցերը քննարկելու»,– ըսած է Փաշինեան։

Աւելի կանուխ, Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ վարչութեան տնօրէն Միխայիլ Կալուկին յայտարարած էր, որ Ռուսաստանը պատրաստ է Հայաստանի հետ խորհրդակցութիւններու՝ «Թրամփի ուղի» նախագիծի եւ Մոսկուայի հնարաւոր մասնակցութեան շուրջ։ Կալուկին նաեւ ըսած էր, որ ըստ էութեան, ճամբան մեծ մասամբ պիտի անցնի ռուս սահմանապահներու պատասխանատուութեան գօտիով։